Կիրակնօրեայ Վարժարաններ

07-21929-ին Համաշխարհային Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ամերիկեան ընկերութիւնը խորհրդաժողով մը կազմակերպած է Լիբանանի Պաալպաք շրջանին մէջ: Այս խորհրդաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Հայ Եկեղեցին: Սահակ Բ. Խապայեան Ծերունազարդ Կաթողիկոսը Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսը նշանակած էր, ներկայացնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Սոյն խորհրդաժողովին որոշում առնուած է Կիրակնօրեայ Վարժարաններ հիմնել, Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ:

Որպէս տնօրէն ընտրուած է Պրն. Լեւոն Զէնեան, որ անմիջապէս սկսած է Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն համար ուսուցիչներ պատրաստել եւ ծրագիրներ մշակել:

1930 Յունիսին, Սահակ Բ. Կաթողիկոս, կոնդակներու եւ նամակներու միջոցաւ շեշտած ու բացատրած է Կիրակնօրեայ վարժարաններու կարեւորութիւնը Հայ եկեղեցւոյ ծառայական դաշտին մէջ: Նոյն տարուան ընթացքին Կիրակնօրեայ վարժարանները սկսած են գործել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ:

1-13Բոլոր Եկեղեցիները ունին իրենց Կիրակնօրեայ վարժարանները: Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշխատանքային նախագիծը հիմք ունի Աստուածաշնչական պատմութիւնները, բարոյալից պատմուածքներն ու եկեղեցական երգեցողութիւնը:

2022-2023 տարեշրջանի Կիրակնօրեայ վարժարաններուն պատասխանատու կը նշանակուի Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանը։

 

E-mail: sundayschoolsdg@armenianorthodoxchurch.org

 

 

 

Կիրակնօրեայ Վարժարաններ