22 August, 2014

Մեր Վանքին Նոր Պահապանը

Վանքին մէջ հսկող շուք մը կայ: Տարբեր շունչ եւ շշուկ, որոնք նոյնանման յանգերով կը շշնջան: Աչքեր, որոնք տիւ եւ գիշեր լայնօրէն կը հսկեն, իսկ ցերեկները աչքեր կը գրաւեն: Սիրտ մը, որ մարմարին հաստ ծալքերու ներքեւ՝ կը սպասէ որբ սիրտերը գուրգուրալու, անմխիթար ձեռքերը սփոփելու, իբրեւ մայր իր սիրով առատօրէն յագեցնելու մեր ծարաւի սրտերը եւ ապա՝ զանոնք Որդիին յանձնելու, որպէսզի Ան գինիի վերածելով մեզ քաղցրացնէ:

 

            Կը յիշեմ, որ քանդակագործ Վարդան Աւեսեանը ինչպիսի գուրգուրանքով, քրտինքով եւ երկիւղով ծնունդ կու տար այս աստուածային կերպարներուն: Մայր մը ինը ամիս ետք ծնունդ կու տայ ուրիշ կեանքի մը, մինչ քանդակագործ վարպետը՝ հինգ ամիսէն, «իր ձեռքը Աստուծոյ յանձնած»՝ կը ստեղծէ Ս. Աստուածածնի եւ Մանուկ Յիսուսի այս ծանրաշուք մարմարէ քանդակը: Եւ քանդակի ծալքերուն մէջ թաքուն կ’ամփոփուին Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը, քաջալերանքը, սրբաօծ աջը, միաբան հայրերու հայեացքներն ու մաղթանքները, դպրեվանեցիներուն ժպիտն ու աղօթքները…

 

            Ցուրտ մարմարին մէջ որքա՜ն ջերմութիւն կայ Մօր ու Որդիի միջեւ, որոնք յատկապէս արտայայտուած են ձեռքերու յարաբերութեան մէջ, երբ Մանուկ Յիսուս իր փոքր, բայց աստուածային ձեռքով կը բռնէ Ս. Աստուածածնի բութամատը, իսկ աջ ձեռքը՝ Մարիամ Աստուածածին ի՛նք, կէս մը բռնած է: Ս. Մարիամ Աստուածածին վստահ էր իր Որդիին աստուածութենէն, բայց մայրական բնազդը չի կրնար ձգել որդիին ձեռքերը: Այս ձեռքերուն յարաբերութեան մէջ, հեղինակը ուզած է մարմնաւորել Աստուածայինին եւ հողեղէնին մօտիկութիւնը, որ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ իրագործուեցաւ: Մանուկ Յիսուսի քաղցրադէմ ժպիտը այնքա՜ն լաւատեսութիւն եւ սէր կը բուրէ, որ հաւատացեալին աղօթքը երկինք կ’առաջնորդէ:

 

            Սակայն, ի՞նչ իմաստ ունի, երբ մանուկ մը ծնի եւ մկրտութեամբ անդամ չդառնայ եկեղեցւոյ: Բայց եւ որքան զօրաւոր ու խորհրդաւոր է մկրտութիւն մը, երբ բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ կը կատարուի:

 

Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2014: Պատմութիւնը պիտի յիշէ այս թուականը: Պիտի յիշէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը՝ Կիլիկիոյ Հոգեւոր Իշխանը , կիլիկեան վանքերու շունչն ու կարօտը իր սրտին՝ անոնց վերատիրանալու, վերականգնելու ինչպիսի՜ վճռակամութեամբ բարձրացաւ նորակառոյց Ս. Նահատակաց խորան: Առաւել քան քառասնամեայ ծառայութենէ չյոգնած իր սուրբ աջով եւ Ս. Հոգին խորհրդանշող լուսաբաշխ միւռնով օծեց Ս. Աստուածածնայ քանդակն ու խորանը: Շնորհազարդ Հայրապետին աչքերուն մէջ կար խորանը, կար քանդակը եւ հազարաւոր հաւատացեալներու ակնածելի աչքերը: Ան յիշեց իր պապենական հողերուն վրայ ցեղասպան թուրքին ձեռքով յօշոտուած վանքերը եւ, ի վրէժ անոնց՝ ամբողջ մկրտեց վանքը Ս. Աստուածածնայ անունով: Որքա՜ն գօտեպնդիչ եւ յուզումնալից էին Հայրապետին խօսքերը, որոնք մղեցին հաւատացեալները՝ ջերմագին ծափողջուններով ընդառաջելու քաղցր հրաւէրին: Այո՛, Վեհափառ Հայրապետը հայուն վրէժը կը լուծէր, եւ իր ազգին, եկեղեցիին ու հայրենիքին համար աղօթքները կրկնապատկելու պարտաւորութիւնը կը շեշտէր, իր դարաւոր ուխտատեղիները կորսնցուցած ժողովուրդին յոյս կը ներշնչէր եւ առաւել պայծառ ապագայի մը հորզիոնը կը բանար:   

 

Ուխտատեղիները հոգեւոր վերանորոգման մշտական օճախներ եղած են հաւատացեալներուն համար: Ուխտատեղիներուն մէջ կ’արձանագրուին աւանդութիւններ, հրաշքներ, իրադարձութիւններ, մշակոյթներ եւ յիշատակներ: Մեր ժողովրդական կեանքի մէջ, որքան մեծ տեղ կը գրաւեն ուխտավայրերը, որոնց ներկայութիւնը կը զգանք նաեւ երգերու, պարերու, բանաստեղծութիւններու եւ արուեստի զանազան մարզերու մէջ: Ուխտատեղիներուն հանդէպ այսպիսի յատուկ կապուածութիւն եւ երկիւղ ցուցաբերող ժողովուրդի մը կեանքէն երբ կը բացակային ուխտատեղիները, կրնանք պատկերացնել, թէ ինչպիսի՞ անմխիթար վիճակ կը ստեղծուի: Ճիշդ այս է, որ պատահեցաւ մեր գաղթական ժողովուրդին, Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք:

 

            Փա՜ռք Ամենակալին, որ Ս. Լուսաւորչին պարգեւած իր տեսիլքը տակաւին կը շարունակէ հայ ազգի կեանքին մէջ՝ «Իջման Սեղան»ներ հաստատելով: Բի՜ւր օրհնութիւն անոխակալ Ողորմածին, որ հայուն հաւատքի փարոս Լուսաւորչի կանթեղը վառ կը պահէ, փորձիչին բոլոր ալիքներուն դէմ: Աստուծոյ լոյսը չի կրնար մարիլ, որքան ալ դաւադիր գիշատիչներ ուզեն խափանել անոր զօրութիւնը, լոյսն ու ջերմութիւնը: Եւ հայ ժողովուրդը որքան յոյսով ու փայփայանքով կը նայի այդ լոյսին՝ Աստուծոյ հսկող աչքը անոր մէջ գտնելով: Նոյն աչքերը պիտի դիտեն Աստուածածնայ վանքին քանդակը, կանթեղը եւ անտեսանելի ուժը՝ Ս. Միւռոնը: Նոյն աչքերը պիտի սպասեն տեսնել «Զիմ Կիլիկիա»ն, անոր արեւը եւ օճախէն բարձրացող ծուխը:

 

            Տակաւին շա՜տ եկեղեցիներ, ուխտատեղիներ եւ հայկական կառոյցներ պիտի բարձրանան: Վեհափառ Հայրապետին սրբազան աջը տակաւին շա՜տ վանքեր պիտի օծէ եւ կանթեղներ վառէ: Բայց բոլոր հայ ժողովուրդին եւ իմ սրտիս խորերէն բարձրացող եկող տենդ ու աղօթք կայ, որ Վեհափառ Հայրապետին դալար ձեռքերը հասնին մեր բռնագրաւուած պապենական հողերը, ուր պիտի վերաշնչեն մեր վանքերը Սրբալոյս Միւռոնով, պիտի շէննան մեր սրտի կարօտ հայրենի տուները եւ հնչեն մեր վարժարաններուն ոսկի զանգերը:                                                                                                                Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեան