News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ԽՕՍԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

05 June 2014

Շարունակելով իր պաշտօնական այցելութիւնը Վատիկան, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Սէնթ Էճիտիօ կազմակերպութեան կեդրոնատեղին ու ապա յիշեալ կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը վայելող եկեղեցին։

Հոգեւորականներէ ու աշխարհականներէ բաղկացած յիշեալ կազմակերպութիւնը Վատիկանի ամենէն ազդու կառոյցներէն մէկնէ։ Ան մարդասիրական ու ընկերային ծրագիրներու առընթեր նաեւ կը զբաղի քաղաքական բնոյթ ունեցող հարցերով։ Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի առիթներով իր խօսքն է ուղղած Սէնթ Էճիտիոյի կազմակերպած միջազգային համագումարներուն։

Յիշեալ այցելութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Վեհափառին ընկերացող շուրջ 80 ազգայինները, որոնք զանազան գաղութներէն ժամանած էին ներկայ գտնուելու Պապին ու Վեհափառի հանդիպման։ Եկեղեցական արարողութեան ընթացքին քարոզեց Վեհափառ Հայրապետը եւ անդրադարձաւ նահատակութեան գաղափարին՝այս ծիրէն ներս յիշելով հայոց մէկուկէս միլիոն նահատակները։

Արարողութենէն յետոյ Սէնթ Էճիտիօ կազմակերպութիւնը ընդունելութիւն մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառին, ներկայութեամբ ազգայիններուն։ Ընդունելութեան ընթացքին խօսք առնելով, Վեհափառը գնահատեց յիշեալ կազմակերպութեան գործունէութիւնը։

Յայտնենք, որ շուրջ եօթը տարիներ առաջ Պենետքթոս Պապին հետ իր ունեցած հանդիպման առիթով, Վեհափառը այցելած էր յիշեալ եկեղեցին եւ ընդառաջելով Սէնթ Էճիտիօ կազմակերպութեան փափաքին, Անթիլիասի նահատակաց մատուռէն մասունք մը զետեղած էր եկեղեցւոյ մէջ յատուկ արարողութեան մը ընթացքին։