24 April, 2009

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը, զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի  առաւօտուն, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք` Ապրիլեան Նահատակներու Մատրան առջեւ հոծ բազմութեան ներկայութեան

ՈՒԽՏ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ

 

Ապրիլ 24-ի խորհուրդը դա՜րձեալ ծիածան է կապած հայ կեանքի երկնակամարին վրայ: Ապրիլ 24-ի պատգամը դա՜րձեալ վերանորոգ շեշտով կը հնչէ հայ կեանքէն ներս ամէ՜ն տեղ: Արդարեւ, Ապրիլ 24-ը մեր ժողովուրդին համար սովորական օր մը չէ. մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրուան, իւրաքանչիւր դէպքին ու երեւոյթին հետ, մեր զգացումներուն ու մտածումներուն հետ, այլ խօսքով, մեր գոյութեան հետ սերտօրէն շաղախուած յուշ է ու յուշարար, ոգի է ու տեսիլք:

 

Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, երբ դարձեալ հաւաքուած ենք մեր բիւրաւոր նահատակներու աճիւնները պարփակող այս մատրան շուրջ, մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին նոր աւիշ ու մղում տալու յանձնառութեամբ, ես կ’ուզեմ իմ պատգամս կեդրոնացնել մէկ բառի շուրջ` հաւատարմութիւն:

 

Մարդկային կեանքի ամենէն կենսական սկզբունքներէն մէկն է հաւատարմութիւնը: Հաւատարմութիւն այն արժքէներուն ու իտէալներուն նկատմամբ, որոնք էութիւնը ու ինքնութիւնը, գոյութեան պատճառը ու նպատակը կը կազմեն կառոյցի մը, ընկերութեան մը կամ ազգի մը: Առանց հաւատարմութեան նոյնիսկ ամենէն հզօր կազմակերպութիւնը կամ ընկերութիւնը փուլ կու գայ ուշ կամ կանուխ: 

 

Հայ ժողովուրդը բարձրագոյն աստիճանի խստապահանջութիւն ցուցաբերած է հաւատարմութեան նկատմամբ: Հաւատարմութիւնը մեր ազգին սրբազան արժէքներուն ու նուիրական իտէալներուն նկատմամբ, բոլո՜ր պայմաններուն մէջ, մեզի համար դարձած է գերագոյն արժեչափ` հայու կեանքը, վարքագիծը ու գործը ճշդող ու արժեւորող: Մեր ժողովուրդը իր կեանքէն հեռացուցած է բոլոր անոնց, որոնք իրենց ազգին նկատմամբ հաւատարմութեան մէջ թուլացումներ արձանագրած են: Մեր ազգը նոյնի՜սկ անիծած է իր անհաւատարիմ զաւակները ըսելով`

 

“Այն հայը որ ազգն ուրանայ եւ այլ ազգ դառնայ,

Մահուան օրին, հայ արցունքին նա չարժանանայ…”

Ապրիլ 24-ը մեր նահատակներուն նկատմամբ մեր հաւատարմութեան վերանորոգման օրն է:

Առաջին, հաւատարմութիւն` վերաթարմացնելով մեր հաւաքական յիշողութիւնը:

 

Հաւատարմութեան առաջին պայմանը չմոռնալ է, միշտ յիշելն է անցեալը` անցեալը վերածելով  ներկային, անցեալը ներկայո՜վ ապրելով: Անցեալը յիշել ո՜չ թէ զայն չմոռնալու համար, այլ անցեալի յիշողութեամբ զօրանալու ու անցեալի յուշով ու կտակով ապագան կերտելու: Նայեցէք Հին Կտակարանի ժողովուրդին: Հեռու Երուսաղէմէն իրենց գերութեան մէջ եբրայեցի ժողովուրդին զաւակները միշտ յիշեցին` երգելով, աղօթելով ու ուխտելով իրենց նուիրական արժէքներուն խորհրդանիշը դարձած Երուսաղէմը.-

 

“Եթէ մոռացայց զքեզ, Երուսաղէմ, մոռասցի զիս աջ իմ. կցեսցի լեզու իմ ի քիմքս իմ` թէ ոչ յիշեցից զքեզ…” (Սաղմ. ՃԼԷ. 5-6):

 

Նո՜յն հաւատարմութեամբ այսօր, մենք կոչուած ենք վերանորոգելու մեր ուխտը միշտ յիշելու մեր նահատակները` մեր կեանքի բոլո՜ր օրերուն, բոլո՜ր պահերուն: Հաւաքական յիշողութիւնը ազգի մը կենսունակութիւնը երաշխաւորող ամենէ՜ն հիմնական ազդակներէն մէկն է: Հաւաքական յիշողութեան վրայ խարսխուած է ժողովուրդի մը գոյատեւման գաղտնիքը: Հաւաքական յիշողութեամբ պայմանաւորուած է նաեւ մեր պահանջատիրական պայքարը: Ապագային նայիլ վստահութեամբ, կ’ենթադրէ անցեալին նայիլ հաւատարմութեամբ, անցեալը ներկային մէջ ապրիլ հաւատարմութեամբ ու յանձնառութեամբ:  

 

Ու սա պահուն, դառնալով մեր նահատակներու աճիւններուն, կ’ըսենք.- նահատակներ հայ ազգին, երբեք պիտի չմոռնանք ձեզ. դուք մեզի հետ պիտի ապրիք, մեզի հետ պիտի պայքարիք, որպէս մեր կեանքին խորք ու իմաստ, ինքնութիւն ու նպատակ տուող ոգեղէ՜ն ներկայութիւն: 

 

Երկրորդ, հաւատարմութիւն` վերանորոգելով մեր պահանջատիրական պայքարը:

 

Մեր նահատակները յիշելը բաւարար չէ. յիշելը պէտք է թարգմանել պայքարի` ի խնդիր մեր նահատակներու սրբազան կտակին կենսագործման: Չմոռնանք, որ մէկուկէս միլիոն հայերու արիւն թափուեցաւ ցեղասպան թուրքին կողմէ: Չմոռնանք, որ ցեղասպանը ուզեց բնաջնջել ազգ մը ամբողջ: Չմոռնանք դարձեալ, որ ցեղասպանը ուզեց քարտէսի վրայէն ջնջել Հայաստանը ամբողջ: Եւ ահաւասիկ 94 տարիներ անցած են այդ օրէն եւ տակաւին ցեղասպանը կ’ուրանայ իր ծրագրած ու գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ կը մնայ անպատիժ: Ճի՜շդ է, կարեւոր թիւով երկիրներ, պետութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ պաշտօնապէս ճանչցան հայկական ցեպասպանութիւնը: Սակայն տակաւին կան երկիրներ, որոնք կը յամենան պաշտօնական ճանաչում տալու հայկական ցեղասպանութեան:

 

Հայ ժողովուրդը աշխարէն գութ չէ որ կը խնդրէ այլ` արդարութիւն կը պահանջէ: Կարելի չէ, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ, լոյսը գռուանի տակ պահել: Ճշմարտութիւնը մեկնաբանութեան չի կարօտիր. արդարութիւնը բանակցութեան նիւթ չի կրնար դառնալ. իրաւունքը “ճամբու քարտէսներով” կամ սահմաններու բացումով չի կրնար մոռացութեան դատապարտուիլ: Ինչպէս Ապրիլ 24-ի առիթով Մեր ֆրանսերէն լեզուով գրած յօդուածին մէջ ըսած ենք: Ճշմարտութիւնը պէտք է ընդունուի եւ վստահաբար պիտի ընդունուի ուշ կամ կանուխ: Անպատժելիութիւնը դուռ կը բանայ նոր ցեղասպանութիւններու: 20-րդ դարու ընթացքին տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնները պերճախօս վկայութիւն են այս իմաստով:

 

Մեր ժողովուրդը միայն ցեղասպանութեան ճանաչում չսպասեր ցեղասպանէն ու միջազգային համայնքէն, այլ արդարութի՜ւն կը պահանջէ, այլ խօսքով` հատուցում, ինչպէս որ էր պարագան այլ ցեղասպանութիւններուն: Այլեւս անհրաժեշտ է որ մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին մէջ շեշտը դնենք հատուցմա՜ն վրայ: Արդ, մեր նահատակներու աճիւններուն դիմաց կանգնած պէտք է մեր հաւատարմութիւնը վերանորոգենք` մեր նահատակներու իրաւունքներուն հատուցում պահանջելով ցեղասպանէն:

 

Երրորդ, հաւատարմութիւն` վերահաստատելով մեր հաւաքական ուխտը:

 

Ինչպէս գիտէք, 2009 տարին Հայրապետական Գիրով հռչակեցինք Երիտասարդութեան Տարի: Անցնող տասնամեակներուն մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին մէջ մեր երիտասարդները առանցքային դեր ունեցան իրենց խօսքով թէ գործով, գրիչով թէ քարոզչական աշխատանքով: Ես կը հաւատամ, որ ներկայ ժամանակներու պայմաններուն ու պահանջներուն մօտէն հաղորդ եւ գիտութեամբ ու մասնագիտութեամբ զինուած մեր երիտասարդները կարող են առաւե՜լ կազմակերպուածութեամբ ու աշխուժութեամբ վճռական դեր ստանձնել մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրացման համահայկական աշխատանքներուն մէջ:

 

Այս սպասումէն թելադրուած, կոչ ուղղեցինք երիտասարդութեան ուխտի երթալու դէպի Տէր Զօր: Անցեալ շաբաթ Մենք անձամբ առաջնորդեցինք աւելի քան երկու հազար երիտասարդ-երիտասարդուհիներ դէպի Տէր Զօր: Ի~նչ յուզիչ պահեր, ի~նչ գօտեպնդիչ երեւոյթներ, քրիստոնէական հաւատքով ու ազգային շունչով լեցուն ի~նչ տեսարաններ պարզուեցան Մեր աչքերուն դիմաց` երբ ուշ գիշերին հսկում կատարեցինք Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ յաջորդ առաւօտ,  Եփրատ գետի ափին եւ ապա Մարկատէի մէջ Մեր պատգամը ուղղեցինք մեր երիտասարդութեան: Արդարեւ, մեր երիտասարդները ո՜չ միայն հաղորդուեցան նահատակներու ամուր հաւատքով ու  անմեռ ոգիով, այլ նաեւ վերանորոգեցին իրենց հաւաքական ուխտը հաւատարմութեան. եւ ապա նահատակներու ոգեշնչող ներկայութեամբ օծուն Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ պատրաստուած հետեւեալ ուխտը կատարեցին.-

 

“Մենք` աննահանջ ժառանգորդներն ապրիլեան,

Ցեղին ուխտը պողպատած մեր ամրակուռ հաւատքով,

Եւ տեսիլքով վերանորոգ, տե!ս, գունդ առ գունդ,

Եկանք Եփրա!տ, հրաւէրիդ ընդառաջ`

Հաղորդուելու հայաբարբառ ջուրերուդ ընդերքներէն բարձրացող

Վերածնեալ հայ ազգի յարութեան խորհուրդովը յաղթական:

 

Կ’ՈՒԽՏԵՆՔ`

Յանուն ջուրերուդ ըլլալ զարմերն արժանի`

Հայ կոյսերուն գետամոյն, որ իրենց կեանքն Աստուծոյ յանձնեցին,

Եւ փրկեցին սուրբ հաւատքը եւ պատիւը մեր ցեղին:

 

Կ’ՈՒԽՏԵՆՔ`

Յանուն հայ մայրերուն նահատակ, որ իրենց կաշի-ոսկոր մատներով

Լուսատառերն Մաշտոցի աւազ-մատեան հրդեհին մէջ ծաղկեցին:

 

Կ’ՈՒԽՏԵՆՔ`

Յանուն մանուկներուն զուարթուն, որ իրենց լուսակարկաչ աղօթքով

Թուրք խուժանին արհաւիրքին դէմ հաւատքի Արարատներ երկնեցին:

 

Կ’ուխտենք, կ’ուխտենք, դարձեա՜լ կ’ուխտենք`

Որ մինչեւ մահ, մինչեւ երկինք, եւ նոյնիսկ մահէն անդին

Պիտի մնանք հաւատարիմ, պահանջատէր, յանձնառու

Զինուորները Տէր Զօրեան Սուրբ Կտակին

Եւ մեր անմեռ պապերուն սրբազան Դատին…”

 

Տէր Զօրի մէջ երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն կատարած հաւատարմութեան այս ուխտը պէտք է ուխտը դառնայ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդին, իւրաքանչիւր հայուն, ամբո՜ղջ հայութեան: 

 

Հաւատարմութիւն, դա՜րձեալ հաւատարմութիւն ու մի՜շտ հաւատարմութիւն` մեր ազգին ու հայրենիքին գերագոյն արժէքներուն, նուիրական ձգտումներուն եւ մեր նահատակներու սրբազան կտակին: Եւ հաւատարմութեամբ հզօրացած պէտք է շարունակենք պահանջատիրական մեր համազգային պայքարը` միասնական ոգիով, ամուր կամքով ու ապագայի վառ տեսիլքով:

 

Ահա՜ պատգամը մեր նահատակներուն.

Ահա՜ մարտահրաւէրը Ապրիլ 24-ին.

Ահա՜ ճշմարիտ ճամբան հայութեան…”:

 

                                                                                ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

 

Ապրիլ 24, 2009

Անթիլիաս