14 October, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր2019-ին, համդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը` հաստատելով, որ անիկա ունեցած է կարեւորագոյն դերակատարութիւն սփիւռքի մէջ` հայապահպանման առումով ընդհանրապէս, եւ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման գործին մէջ մասնաւորաբար: Կեդրոնական վարչութեան տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ցուցաբերած հոգածութեան եւ գործակցութեան համար:

 

Վեհափառ հայրապետը հետաքրքրուեցաւ Համազգայինի ընթացիկ եւ յառաջիկայ ծրագիրներով, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը համառօտ կերպով անդրադարձաւ վարչութեան գլխաւոր աշխատանքներուն` յոյս յայտնելով, որ Վեհափառը սատար կը հանդիսանայ իր ծրագիրներուն: Հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր արծարծելէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ` վերահաստատելով իր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Համազգայինի աշխատանքներուն: