2 February, 2019

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւի վերջին օրերու Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած կացութեան զարգացումներուն եւ այդ ծիրէն ներս հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն։

 

Արդարեւ, Շաբաթ, 2 Փետրուար 2019-ին, Նորին Սրբութիւնը, հակառակ հեռաձայնային հաղորդակցութեան դժուարութիւններուն, կրցաւ դարձեալ կապ հաստատել Վենեզուելայի հոգեւոր տեսուչին՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ հոգեւոր հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանի հետ։ Անոնք Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին ստեղծուած կացութեան զանազան երեսները, յատկապէս քաղաքական զարգացումները ու ժողովրդային ցոյցերը։ Նորին Սրբութիւնը մօտէն հետաքրքրուեցաւ մեր համայնքին առնչուած դժուարութիւններուն, ուրախութեամբ հաստատեց, որ մեր համայնքը ապահով է եւ համախմբուած է եկեղեցւոյ շուրջ, սակայն, բնականաբար, առօրեայ կենցաղային դժուարութիւնները կը շարունակուին։ Հայրապետը վստահեցուց, որ կ՚աղօթէ գաղութին անվտանգութեան ու ապահովութեան համար եւ կը մաղթէ, որ շուտո խաղաղութիւն հաստատուի երկրէն ներս, որպէսզի Վենեզուելայի հայ գաղութը կարենայ իր համայնքային կեանքը վերակազմակերպել։