27 December, 2017

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ «ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԵՐԳԵՐ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակչատունը վերահրատարակեց «Արեւագալի Եւ Հսկումի Երգեր» հատորը, հրամանաւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ աշխատասիրութեամբ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանին։

 

Սոյն նօթագրեալ շարականներու գործը ուղեցոյց մըն է Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանին շարականներու ու երգերու երգեցողութեան։ Գիրքը բաժնուած է երկու մասերու՝ Արեւագալի երգեր, որոնք ձայնագրուած են Լեւոն Չիլինկիրեանի կողմէ եւ կ՚ընդգրկեն «Յարեւելից», «Ճգնաւորք», «Լոյս, Արարիչ լուսոյ» եւ «Ճանապարհ» երգերը՝ իրենց յորդորակներով, եւ Հսկումի շարականներ, որոնք կ՚ընդգրկեն «Շնորհեա՛ մեզ, Տէ՛ր», «Նայեաց սիրով», «Ի քէն հայցեմք», «Ընկալ քաղցրութեամբ» եւ «Աղերս առ Տիրամայր Աստուածածին» երգերը։

 

Յայտնենք, որ սոյն հատորին մէջ նկատի առնուած են նաեւ Միջինքէն ետք երգուելիք ստեղիները՝ «Երկնաւոր հօտ», «Երկնաւոր փեսայ», «Սրբուհի Մարիամ», «Առաքեալք Աստուծոյ» եւ «Պարունակեալ պահէին»։

 

Նշենք, որ շարականներուն ձայնագրութիւնը հիմնականօրէն կատարուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայր Տաճարի եկեղեցական երաժշտութեան աւանդութեամբ։

 

Նօթագրեալ շարականներուն համակարգչային աշխատանքը կատարած է Բարշ. Սարգիս Սրկ. Յովհաննէսեան։ Սոյն հատորը վերահրատարակուած է ի յիշատակ Անդրանիկ եւ Տիրամայր Մարի Չօլոյեաններուն։