29 April, 2015

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները այս օրերուն միջազգային հետեւեալ կարեւոր ժողովներուն կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը.-

 

  • Մարոքի մէջ տեղի կ’ունենայ միջ-կրօնական համագումար մը. նիւթ ունենալով՝ «Կրօններու դերը ցեղասպանութեան և ընդհանրապէս բռնութեան կանխարգիլման գծով»։ Այս համագումարին կը մասնակցի Դոկտ. Ժան Սալմանեան։

 

  • ժընեւի մէջ տեղի կ’ունենայ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատուներու հանդիպում, նպատակ ունենալով միջ-եկեղեցական շարժումին նոր կենսունակութիւն տալու կարելիութիւններու քննարկումը։ Սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։

 

  • Պարիի մէջ, Իտալիա, կը գումարուի «Քրիստոնէութեան ապագան Միջին Արեւելքէն ներս» նիւթով համագումար մը։ Յիշեալ համագումարին կը մասնակցին Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան՝ Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին և Պետական Երեսփոխան Պրն. Յակոբ Բագրատունի։