«Դպրեվանքը սուրբ վայր մըն է, ուր յանձնառու եւ տեսլական ունեցող սպասաւորներ կը պատրաստուին մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան համար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը վճռական դերակատարութիւն ունի մեր ժողովուրդի պատմութեան այս կարեւոր ժամանակամիջոցին ընթացքին, երբ մեր ժողովուրդին կարիքներն ու սպասումները այնքան բազմաթիւ ու այլազան են, թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ»

— Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ —

 

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կարեւոր ներդրում ունի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական կեանքին ու առաքելութեան բոլոր մարզերէն ներս:

image001

Դպրեվանքէն շրջանաւարտ հարիւրաւոր եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ աշխուժօրէն լծուած են մեր եկեղեցոյ ու մշակոյթի ծառայութեան, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Անոնց գործունէութիւնը ինքնին պերճախօս վկայութիւնն է այն առաքելութեան, որուն լծուած է Դպրեվանքը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

Դպրեվանքի պատմութիւնը անբաժանելի մասն է մեր ժողովուրդի տարագրութեան պատմութեան: 1915-ի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ընթացքին, Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռը եւս վտարանդի ու աստանդական դարձաւ, իր դարաւոր հայրենիքէն: 1930 թուականին, Կաթողիկոսութիւնը վերջնականապէս հաստատուեցաւ Անթիլիաս, Լիբանան: Նոյն տարին, Սահակ Բ. Կաթողիկոս հիմը դրաւ Դպրեվանքին, որ արդարօրէն կը նկատուի Սուրբ Աթոռին «սիրտ»ը եւ «ողնայար»ը:

Դպրեվանքը կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ ծառայական եւ ուսումնական առաքելութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր վերազարթօնքին մէջ: Հազարաւոր դպրեվանեցիներ իրենց հոգեմտաւոր կազմաւորումը  ստացան Դպրեվանքէն ներս: Դպրեվանքը պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ քայլ պահեց նոր մարտահրաւէրներուն,  ժամանակի պահանջքներուն եւ հայժողովուրդի աճող կարիքներուն հետ:

image003

Այսօր եւս, աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ, հոգեւոր եւ ուսումնական ծով կարիքներ ունինք: Մենք անմիջական կարիքը ունինք եպիսկոպոսներու, կուսակրօն թէ ամուսնացեալ եկեղեցականներու, սարկաւագներու, ինչպէս նաեւ կրօնի եւ հայերէն լեզուի ուսուցիչներու: Միայն նուիրեալ եւ լաւ պատրաստուած ծառայողներ կրնան պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդին դասաւանդել եւ քարոզել մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը: Հետեւաբար, Դպրեվանքը կոչուած է կարեւոր դեր ունենալու հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան մէջ:

Այս տեսլականով ու հեռանկարով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ կարեւորութիւն կ’ընծայէ Դպրեվանքի կարիքներուն եւ անոր բարգաւաճման: Ան ուժգնօրէն կը հաստատէ, թէ Դպրեվանքը առաջնահերթ կը մնայ իրեն համար, եւ թէ ճիգ պիտի չխնայէ ու իր կարելին ընէ, որ Դպրեվանքը նոր կենսունակութիւն ստանայ եւ արդիւնալից գործունէութիւն ունենայ:

image005

 

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Դպրեվանքի ուսումնական ծրագիրը կ’ընդգրկէ աստուածաբանական եւ հայագիտական, ինչպէս նաեւ գիտական, պատմական եւ  բանագիտական նիւթեր:

 

Դպրեվանքը ունի երկու բաժիններ Ժառանգաւորաց և ընծայարան։Առաջինը երկրորդական վարժարանի համազօր է,  եւ երկրորդը՝ աստուածաբանական եւ հայագիտական. իւրաքանչիւր բաժնի ծրագիրը  չորս տարիներու վրայ կ’երկարի:

 

Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ, յատուկ յանձնախումբ մը բծախնդրութեամբ կը հետեւի Դպրեվանքի ուսումնական ծրագիրներուն եւ ուսուցչական կազմի աշխատանքներուն: Յանձնախումբը հարկ եղած որոշումները կ’առնէ բարելաւելու Դպրեվանքի ուսումնական ծրագիրը, զայն յարմարեցնելու ներկայ պայմաններուն ու կարիքներուն:

 

Դպրեվանքի կրթական առաջին բաժնին մէջ կ’ուսուցանուին հետեւեալ նիւթերը.- Աստուածաշնչական եւ ծիսական նիւթեր, բարոյագիտութիւն, գրաբար, աշխարհաբար, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, հայոց պատմութիւն, Հայաստանի աշխարհագրութիւն, ընդհանուր ազգերու պատմութիւն, ընդհանուր աշխարհագրութիւն, շարական, թուաբանութիւն, երկրաչափութիւն, գիտութիւն, տարրաբանութիւն, երաժշտութիւն եւ նկարչութիւն:

 

Դպրեվանքի կրթական երկրորդ բաժինը կ’ընդգրկէ հետեւեալ նիւթերը.- ներածութիւն Հին եւ Նոր Կտակարաններու, Սուրբ Գրոց ժամանակներու պատմութիւն, մեկնաբանութիւն, տեսական աստուածաբանութիւն, հովուական աստուածաբանութիւն, հայրաբանութիւն, բարոյագիտութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթի պատմութիւն, միջ-եկեղեցական շարժումի պատմութիւն, կրօններու պատմութիւն, ծիսագիտութիւն, կանոնագիտութիւն, իմաստասիրութիւն, հոգեբանութիւն, ընկերաբանութիւն, մանկավարժութիւն, մատենագրութիւն, հայ գրականութիւն, գրաբար, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն:

 

Դպրեվանքի ուսուցչական կազմը կը գլխաւորէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ուսուցչական կազմին մաս կը կազմեն 25 եկեղեցական եւ աշխարհական ուսուցիչներ:

 

Դպրեվանքի դասընթացքները կը տարածուին շաբթուան 5 օրերու վրայ, Երկուշաբթի-Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 09:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 02:00:

 

image007

Իւրաքանչիւր ուսումնական-կրթական տարեշրջանի դպրեվանքը կ՚ունենայ շուրջ 60 ուսանողներ։ Անոնց մեծ մասը կուգայ Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Պարսկաստանէն:

 

Դպրեվանքը նաեւ ուսումնական յատուկ ծրագիր ունի ամուսնացեալ քահանայութեան թեկնածուներու համար:

 

 

ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՌՕՐԵԱՅ ԿԵԱՆՔԸ

Առաւօտեան եւ Երեկոյեան ժամերգութիւնները Դպրեվանքեան առօրեայ կեանքին անբաժանելի մասը կը կազմեն:

 

Ուրբաթ եւ Շաբաթ երեկոներուն արտադասարանային յատուկ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին հիւր դասախօսներու մասնակցութեամբ:

 

Կիրակի օրերը, ինչպէս նաեւ յատուկ տօնական օրերու ընթացքին, Դպրեվանեցիները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Անոնք նաեւ մասնակից կը դառնան կրօնական տօնախմբութիւններու եւ մշակութային ձեռնարկներու:

 

image009Դպրեվանեցիները կանոնաւոր կերպով իրազեկ կը դառնան հայկական թէ միջազգային լուրերուն:

 

Աշակերտական յատուկ խմբագրական կազմ մը «Գլաձոր» տարեգիրքի խմբագրական աշխատանքները կը տանի: Տարեգիրքը սկսած է հրատարակուիլ 1957 թուականին։ «Գլաձոր»ին պատակն է ընդարձակել Դպրեվանեցիներու հետաքրքրութեան դաշտը եւ զարգացնել անոնց ստեղծագործ միտքը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ անոնց առօրեայ կեանքին:

 

Դպրեվանքը անդամ է Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցներու Միութեան, որ կ’երաշխաւորէ Դպրեվանեցիներուն միջ-եկեղեցական շարժումի մասնակցութիւնը:

 

Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան

Հսկիչ՝ Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեան

Հսկիչ՝ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Պետրոսեան

Հսկիչ՝ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան