Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ուղղած համազգային զօրակոչին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի 25 Հոկտեմբերին։ Ահաւասիկ այսօր 29-րդ օրն է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախին եւ Արցախի ճամբով ողջ…
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Տոքթ. Մկրտիչ Մկրտիչեանին: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Համազգայինի աշխարհատարած մասնաճիւղերու գործունէութիւնը՝ կրթական ու մշակութային մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները քորոնա ժահրի ստեղծած…
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին գումարեց իր 48-րդ նիստը, որուն ընթացքին եռանուն ցանկէն գաղտնի քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ իբրեւ թեմակալ առաջնորդ ընտրեց թեմին առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Այս առիթով,…
Անցեալ շաբաթ չորս օրերու վրայ տարածուած միջ-կրօնական միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուելիք G20-ի օրակարգի հարցերու քննարկման յատկացուած: Յայտնենք, որ վերջին տարիներուն G20-ի հանդիպումներու առընթեր միջ-կրօնական համագումարներ տեղի կ’ունենան՝ պարզելու կրօններու ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններու հայեցակէտերը…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակին մէջ շեշտեց, թէ «Արցախի միջազգային ճանաչման ժամը հնչած է։ Յատկապէս Սփիւռքը, իր քարոզչական ու յարաբերական լայն կարելիութիւններով կոչուած է Արցախի ճանաչման դրօշը բարձր պահել։…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի ատենապետ եւ ազգային բարերար ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆի թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Քորոնավիրուսի համաճարակին պատճառաւ, հանգուցեալի…
Ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու ազերիական-թրքական շարունակուող յարձակումները Արցախի Հանրապետութեան դէմ՝ հակառակ վերջերս կրկին…
Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով յետ մահու պարգեւատրեց դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեանը: Հանգուցեալը երկար տարիներ Լիբանանի կեդրոնական դրամատան փոխ կառավարիչ եղած է՝ հայ համայնքը ներկայացնելով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ Արցախեան պատերազմի օրակարգով խորհրդակցութիւն, մասնակցութեամբ համասփիւռքեան գործունէութիւն ունեցող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց Արցախեան…
Թուրքիոյ անմիջական հովանաւորութեամբ եւ ահաբեկիչներու ու վարձկաններու մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմը Արցախի դէմ մեզ դրաւ նոր իրականութեան մը դիմաց՝ իր զինուորական, քաղաքական, իրաւական եւ աշխարհաքաղաքական երեսներով ու հետեւանքներով: Հետեւաբար, ներկայ իրականութիւնը պէտք է Արցախը, Հայաստանը, ինչպէս նաեւ միջազգային…
Աւանդութեան համաձայն, Անթիլիասի Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՚ունենայ Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին՝ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցելով հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն կը հանդիսապետէ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իսկ Պատարագը…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրoնական ու Քաղաքական Ժողովները եւ միաբանութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն Ազգ. Ընդհ. Ժողովի ատենապետ, Կաթողիկոսարանի Տնտեսական Յանձնախումբի անդամ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի…