Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Քորոնա ժահրին ու տնտեսական դժուարութեան ստեղծած տխուր պայմաններուն մէջ, ողջ մարդկութիւնը կը պատրաստուի նշելու Նոր Տարին։ Յիշեալ տագնապներուն առընթեր, Արցախի պատերազմին յառաջացուցած ցնցումը ահաւոր է մեր ժողովուրդին ու յատկապէս Արցախի մեր ազգակիցներուն համար։ Արդ, մեկնելով մեր քրիստոնէական ու…
Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու ներկայութեան, հետեւեալ հայրապետական պատգամը կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն.- Հայ ժողովուրդը խոր տագնապի մէջ է. պարտուած ըլլալու հոգեվիճակը զինք անորոշութեան ու յուսահատութեան մատնած…
Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 5։30-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարան սրահին մէջ միաբանական հոգեմտաւոր հաւաք մը տեղի ունեցաւ։ Նորին Սրբութիւնը նախապէս թելադրած էր, որ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը յուզող եւ գիտական ու…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հեղինակած “The Armenian Church” (Հայ Եկեղեցին) գիրքին գերմաներէն թարգմանութիւնը շուտով պիտի հրատարակուի գերմանական հանրածանօթ Paulinus.Verlag հրատարակչատան կողմէ։ Յայտնենք, որ երկու տարի առաջ անգլերէն լեզուով գրուած Վեհափառ Հայրապետին յիշեալ գիրքը հրատարակուած է ֆրանսերէն, ռուսերէն,…
Արցախի մէջ տեղի ունեցած վեցշաբաթեայ արիւնարբու պատերազմը դադրեցաւ զինադուլով մը, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւնով մը, որ տարածաշրջանը կը դնէ անորոշ, անկայուն եւ կարճաժամկէտ խաղաղութեան մը մէջ։ Համաձայնութիւնը այնքան թոյլ է, որ լարուած վիճակ մը կը ստեղծէ՝ առանց կայուն խաղաղութեան…
Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյց ունեցած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ եւ առաջարկած, որ 22 Նոյեմբերը յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ այդ իմաստով հայկական բոլոր եկեղեցիներէն ներս կատարուի…
Մեծայարգ Տիար Սերժ Սարգսեան Հաայաստանի Հանրապետութեան Գ. Նախագահ Երեւան Սիրելի՛ Պրն. Սարգսեան, Խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի Տիկնոջ՝ Ռիտա Սարգսեանի անժամանակ մահուան գոյժը։ Այս տխուր առիթով Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, Ձեր զաւակներուն ու…
Մեր ժողովուրդը ծանր օրեր կ’ապրի: Անցնող 44 օրերու ընթացքին Արցախի մէջ կորսնցուցինք հերոս զինուորներ, մեր ժողովուրդի աղօթքով ու արիւնով շաղախուած սրբավայրեր ու եկեղեցիներ. մանաւանդ կորսնցուցինք հսկայ տարածքներ: Սակայն, չկորսնցուցինք մեր ժողովուրդի հաւատքն ու վերականգնելու կամքը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…
Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն հայ ժողովուրդին ուղղած իր Հայրապետական պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կոչ ուղղեց «մերժել օրհասական պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած եւ փաստօրէն զինադուլի համաձայնութենէն անդին, երկդիմի ու անորոշ…
Մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին վճռադրոշմ պահեր կրցած ենք դիմագրաւել՝ ամուր հաւատքով ու կամքով եւ հեռատես մօտեցումով։ Ներկայ պահը մեր ազգի ու հայրենիքի ժամանակակից պատմութեան մէջ աւելի քան ճակատագրական է։ Մեր քաջ բանակը հերոսաբար դիմադրեց արդիական զէնքերով օժտուած…
Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանէն ներս, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք: Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գծերով ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն իր տալիք պատգամին գլխաւոր մտածումները:
Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Արդարեւ, նախագահը Նորին Սրբութեան առաջարկեց, որ յաջորդ Կիրակին՝ 22 Նոյեմբերը, յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար…