Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Վերջին երեք օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ՝ հանդիպումներ Թեմակալ Առաջնորդներուն հետ՝ հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի: Կրօնական Ժողովը լայնօրէն քննարկեց Մեծի Տանն…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ հեռաձայնային կապ հաստատեց Երուսաղէմի Հայոց նորընտիր Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին հետ եւ շնորհաւորեց իր ընտրութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միջեւ յատուկ գործակցութիւն եղած…
Չորեքշաբթի 16 Յունուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին: Սոյն այցելութեան հիմնական նպատակը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել էր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատկերացումը Սուրիոյ տագնապի լուծման եւ այս ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքները: …
Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրին, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամները Ուրբաթ 16 Նոյեմբերի երեկոյեան հաւաքուած էին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը պարզած էր, թէ այդ հաւաքին նպաստակն…
«ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Պէյրութ կատարած մեր այցելութեան ընթացքին, յատուկ ժամադրութեամբ ներկայացանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որպէս նախկին սան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին: Այս առիթով…
Երեքշաբթի 15 Յունուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Իսլամ Կրօնականներու Համախմբումի վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմէին սիւննի ու շիի հոգեւորականներ: Հանդիպման ընթացքին ածարծուեցան քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան, կրօնի ընկերային ծառայութեան եւ Լիբանանի ընտրական օրէնքին հետ առնչուած հարցեր:…
Շաբաթ 12 Յունուար 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնիթ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Րայի Պատրիարքին Փոխանորդը՝ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսը: Սայյահ Արքեպիսկոպոսը Պատրիարքին կողմէ առաքուած էր յատուկ կերպով Վեհափառ Հայրապետին փոխանցելու օր մը առաջ Պատրիարքին գլխաւորութեամբ տեղի…
«ՀԱՅ ԵՒ ՅՈՅՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆ ԹՈՒՐՔԷՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿՈՂՔԻՆ ՊԱՅՔԱՐԻԼ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ» Ն. Վ. ՏԻՄԻԹՐԻՍ ԽՐԻՍԹՕՖԻԱՍ Հինգշաբթի 10 Յունուար 2013-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան…
«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴՆ Է ՄԱՐԴՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, Կիրակի Յունուար 6–ին, Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով բոլոր հայ եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Աստուածայայտնութիւնը իր մէջ կը պարփակէ թէ՛…
Մանրամասնութեանց համար կարդալ հոս։
Ուրախութեամբ կը հաստատենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2013 տարին հռչակած է «Հայ Մօր Տարի»: Այս առիթով գրուած Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի յառաջիկայ Կիրակի, 13 Յունուարին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Վեհափառ Հայրապետին պատգամը…
«Նոր Տարին առիթ մըն է անցեալը արժեւորելու հաշուետուութեան ոգիով, ու ապագային նայելու վերանորոգ տեսիլքով ու յանձնառութեամբ»: Այս բառերով խտացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Նոր Տարուան հայրապետական պատգամը: Արդարեւ, Նոր Տարուան առաւօտուն, Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարին մէջ տեղի…