Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Հինգշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, ինչպէս նաեւ իր գլխաւորած Լիբանանի վարչութեան անդամներուն: Ներկաները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան նորտարուան բարեմաղթութիւնները եւ ազգն…
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 2003 թուականէն սկսեալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հայրապետական յատուկ հռչակագիրով իւրաքանչիւր տարին ձօնած է մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթին, հայրենիքին, մեր անցեալին ու ներկային առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը։ Այս ծիրին…
Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբնանաի Շրջանային Վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Սեւակ Յակոբեանին, այցելութիւն տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպման ընթացքին քննարկումի ենթարկուեցան ընդհանրապէս մեր ազգը ու յատկապէս Արցախի պատերազմէն ետք Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած…
Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցլեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի։ Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը…
«ՀԱՒԱՏՔԻ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ԱՄՈՒՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՐԵԼԻ Է ՅԱՂԹԵԼ՝ ՄԵԶԻ ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐ ԳՈՅԱՄԱՐՏԵՐԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կիրակի, 20 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ…
Յիշեալ նիւթին շուրջ Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Օրուան զեկուցաբերն էր մատենադարանի, ձեռագրերու ու հնատիպերու բաժանմունքի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Սրբազան հայրը…
Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2020-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի մանուկներուն մեծ ուրախութիւն պատճառեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին անակնկալ այցելութիւնը։ Շուրջ ժամ մը Վեհափառ Հայրապետը «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտներուն հետ եղաւ, իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէն հայր…
Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանատան խորհրդական դոկտ. Ապպաս Խավիարը։ Այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան իսլամական մշակոյթի եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ապուզար Իպրահիմիի նամակը։ Յայտնենք, որ Մեծի…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակութեամբ լոյս տեսան «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին Թ., Ժ. եւ ԺԱ. հատորները՝ «Ապաշխարութեան Օրհնութիւններ Եւ Ապաշխարութեան Հարցեր Իրենց Սարքերով», «Ալէլուքներ Եւ Թագաւոր Յաւիտեաններ» եւ «Կանոն Հանգստեան,…
Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական միջ-եկեղեցական աղօթք, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) եւ մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի մէջ գործող հայ թէ օտար ուսանողական ու երիտասարդական միութիւններու։ Յիշեալ զօրակցական աղօթքը նուիրուած էր Արցախի…
Կազմակերպութեամբ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին, որուն անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ Իրանի երեք թեմերուն ճամբով, 1-30 Նոյեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ առցանց դասընթացքներ՝ նախաձեռնութեամբ Խորհուրդի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու միաւորին։ Սոյն դասընթացքներուն մասնակցեցան 38 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ Ասիոյ տարբեր երկիրներէն. Թեհրանէն մասնակցեցաւ…
Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) մօտ 2007 թուականէն գործող Գարլա Խիժոյեանը: Յայտնենք, որ Գարլա Խիժոյեանը 2002-2005 թուականներուն Կաթողիկոսարանի Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) վարչութեան ատենապետը եղած է: Նոյն…