Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Աւանդութիւն է, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիսապետէ Լիբանանի հայոց թեմի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուող Միջինքի օրուան Արեւագալի արարողութեան։ Արդարեւ, ուրախութիւն էր մեզի համար այս տարի տեսնել վերականգնումը անցած տարիներուն բոլորիս ծանօթ պայմաններու բերումով դադար առած…
Երկուշաբթի, 4 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի եթովպական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ համայնքի հոգեւոր հովիւին եւ վարչութեան ատենապետին: Այցելուները Հայրապետին փոխանցեցին Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին եղբայրական ողջոյնները, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին համայնքին նկատմամբ Նորին…
Շաբաթ, 2 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին այցելեց Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը (Զ.Ո.Մ.)՝ ստանալու համար անոր օրհնութիւնն ու թելադրութիւնները։ Հանդիպումին ներկայ էր Զ.Ո.Մ.ի մօտ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան։ Զ.Ո.Մ.ին անունով սրտի…
Ուրբաթ, 1 Մարտ 2024-ին, լեռնալիբանանի եւ հիւսիսային Լիբանանի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր առաջնորդ Խրիսոսթոմոս Միքայէլ Շամուն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ ստանալու համար Հայրապետին օրհնութիւնը իր առաջնորդական առաքելութեան սկզբնաւորութեան։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նորընտիր առաջնորդին ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն…
Երեքշաբթի, 27 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (Լ.Օ.Խ.) շրջանային վարչութիւնը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնը՝ ստանալու Հայրապետին օրհնութիւնը։ Այս առիթով, վարչութեան անդամները Նորին Սրբութիւնը իրազեկ դարձուցին իրենց կատարած աշխատանքներուն եւ…
Հինգշաբթի, 29 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ եւ Պէյրութի քաղաքապետ Ապտալլա Տարուիշ, ընկերակցութեամբ քաղաքապետարանի խորհուրդի հայ համայնքի անդամներէն Արամ Մալեանի։ Ողջունելով նահանգապետին ու քաղաքապետին այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք՝ Հայրապետը իր գնահատանքը…
22-26 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Մաշտոցեան Մատենադարանի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Արա Խզմալեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Վահէ Թորոսեան (տեղակալ), Գուրգէն Գասպարեան (խորհրդական) եւ Միհրան Մինասեան (խորհրդական): …
Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։ Դեսպանը Հայրապետին զեկուցեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի տագնապին շուրջ ընթացող հանդիպումներուն ու քննարկումներուն մասին, յատկապէս նախագահական ընտրութեան ու երկիրը դիմագրաւող…
Արցախի մշակութային ժառանգութեանց պահպանումը եւ փոխանցումը նոր սերունդներուն՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին սրբազան առաքելութիւնն է։ Նոյն նպատակին համար գոյացած է «Արցախեան Մշակոյթի Պահպանման Կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը։ Արդարեւ, Արցախի մէջ թէ՛ Արցախէն դուրս մեր կոչումն է պահել արցախեան հոգեւոր եւ…
Ուրբաթ, 23 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Soroban Education Mental Arithmetic System-ի (SEMAS) Պուրճ Համուտի խումբ մը փոքրիկներ, որոնք եկած էին ստանալու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը եւ ներկայացնելու Լիբանանի ախոյանութեան վերջերս ձեռք բերած իրենց յաղթանակի…
Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատկերացումը փոխանցեց իրեն այցելած միջ-քրիստոնէական գործակցութիւն ստեղծելու կոչուած համախմբումին: Այս վերջինը եկած էր ունենալու Նորին Սրբութեան տեսակէտը քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ զանազան մարզերէն ներս միացեալ աշխատանքի նախաձեռնելու գծով: Հիւրերը…
«Ահա հրաժեշտ կու տամ քեզի՝ Ս. Եկեղեցի։ Ահա կը մեկնիմ ես, հայրե՛րս, եղբայրնե՛րս եւ որդինե՛րս։ Աղօթեցէ՛ք ինծի համար, եւ մեր Փրկիչ Քրիստոսը պիտի օրհնէ ձեզ»։ Մեր եկեղեցւոյ յուզումնախառն այս բառերով իր վերջին հրաժեշտը տուաւ հայ եկեղեցւոյ ծառայ, Մեծի…