Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական ամսագրի, ՀԱՍԿի առաջին թիւը հրատարակուած է Յունուար 1932-ին, Բաբգէն Ա. աթոռակից Կաթողիկոսին կողմէ։ Առաջին թիւի խմբագրականին մէջ Վեհափառը կը գրէ.- «Աստուծոյ Թագաւորութեան օրինա՛կն է լեցուն հասկը: …ամսօրեայ հրատարակութիւն մը պիտի ըլլայ ՀԱՍԿ, իբրեւ պարբերական տեղեկագիրը Հայրապետանոցիս եւ Առաջնորդարաններու գործառնութեանց, որպէսզի ստոյգ եւ կանոնաւոր տեղեկութիւնները եւ լուրերը ուղղակի իր ակնաղբիւրէն իմանայ մեր ժողովուրդը: Կրօնական, գրական, եւ այլն, նիւթեր ալ պիտի բովանդակէ ՀԱՍԿ՝ իր տրամադրելի մասերուն մէջ»:
ՀԱՍԿ-ի մէջ կը շարունակուի հրատարակուիլ Կաթողիկոսարանի եւ անոր թեմերուն գործունէութեանց լուրերը, Հայրապետական Կոնդակներ, պաշտօնական խօսքեր, քարոզներ, ինչպէս նաեւ կրօնական ու գրական յօդուածներ:
Ներկայիս ՀԱՍԿ-ի խմբագիրն է Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեան
Կապ. [email protected]
Լիբանանի մէջ ՀԱՍԿի տարեկան անդամակցութեան սակն է 50,000 Լ.Ո. կամ $35
Արտասահմանի մէջ ՀԱՍԿի տարեկան անդամակցութեան ծախսն է 115,000Լ.Ո. կամ $75 առաքման ծախսերը ներառեալ:
Հայագիտական ՀԱՍԿը յատուկ յաւելուած հրատարակութիւն մըն է, որուն անունը ինքզինք լիովին կը բացատրէ։ ՀԱՍԿ Հայագիտականի առաջին թիւը հրատարակուած է 1948 թուականին: Մեծապէս գնահատուած եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած հայ եւ օտար հայագէտներ, արեւելագէտներ, պատմաբաններ եւ աստուածաբաններ ներդրում կ’ունենան ՀԱՍԿ Հայագիտականին մէջ:
ՀԱՍԿ Հայագիտականի խմբագրական յանձնախումբի անդամներն են՝ Դոկտ. Զաւէն Եկաւեան, Տիար Ժիրայր Դանիէլեան եւ Տիար Կարօ Յովհաննէսեան:
ՀԱՍԿ Հայագիտականի Խմբագրութիւն
Հասկ. [email protected]