Ատրպատականի թեմը Իրանի մէջ հայերու առաջին թեմն է, որուն առաջին յիշատակութիւնները 12-րդ դարու կը հասնին։ Նախքան 1833 թուականին Թաւրիզ տեղափոխուիլը, առաջնորդարանը կը գտնուէր Ս. Թադէի վանքին մէջ, Մակու։ Ազգային առաջնորդարանը մինչեւ 1936 թուականը գործեց Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջէն եւ հետագային փոխադրուեցաւ թեմական նախկին միջնակարգ դպրոցին մէջ, Թաւրիզի հարաւային Շարիաթի փողոցին մէջ, մինչեւ օրս։
Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ, դարերու ընթացքին, կառուցուած են բազմաթիւ վանքեր եւ եկեղեցիներ։ Շատեր տակաւին կը մնան կանգուն եւ շատեր ալ՝ ոչ։ Այդ եկեղեցիներէն են՝
• Ս․Աստուածածին Մայր եկեղեցի (Թաւրիզ)
• Ս․Սարգիս եկեղեցի (Թաւրիզ)
• Ս․ Աստուածածին ուխտավայր (Թաւրիզ)
• Ս․ Շողակաթ եկեղեցի (Թաւրիզ)
• Ս․ Թադէի վանք (Մակու, արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍԳՈ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ)
• Ս․ Ստեփանոս Նախավկայի վանք (Ջուլֆա, , արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍԳՈ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ)
• Ծոր-ծորի Ս․ Մարիամ Աստուածածին մատուռ (Մակու, արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍԳՈ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ)
• Ս․ Ստեփանոս եկեղեցի (Ուրմիա)
• Ս․ Գէորգ եկեղեցի (Ուրմիա)
• Ս․ Աստուածածին եկեղեցի (Ուրմիա)
• Ս․ Հռիփսիմէ եկեղեցի (Մուժումբար գիւղ)
• Ս․ Յովհաննէս եկեղեցի (Մարաղա գիւղ)
Թեմը ունի կրթօջախները՝
• Թաւրիզի հայոց ազգային «Սահակեան-Թամարեան» դպրոց
• Թաւրիզի «Ծերունի Գասպարեան» մանկապարտէզ-նախակրթարան
• Ուրմիոյ հայոց ազգային «Մասիհա» դպրոց
• Ուրմիոյ «Նայիրի» մանկապարտէզ
Կայքէջ
www.iran.mfa.am/en/the-armenian-diocese-of-atrpatakan