Սպահանի Հայոց Թեմ

Պարսկաստանի հետ հայերու տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային կապերը սերտացած են յատկապէս Պարթեւ Արշակունիներու թագաւորութեան ժամանակաշրջանին, Բ–Գ դարերուն: Պարսկաստանի մէջ հայերու բնակչութեան մեծ թիւ յառաջացած է հայկական բռնի գաղթավայրերու յառաջացումով։ Առաջին գաղթավայրերը Պարսկաստանի հետ կազմաւորուած են 360–370-ական թուականներուն, երբ Սասանեան Շապուհ Բ. թագաւորը հազարաւոր հայերու բռնագաղթի ենթարկած է դէպի Պարսկաստան: Բռնագաղթը շարունակուած է նաեւ հետագային. յիշատակելի է առանձնապէս 1604–1605 թուականներու բռնագաղթը՝ «մեծ սիւրկիւնը», երբ Շահ Աբբաս Ա-ը բռնի տեղականման ենթարկած է շուրջ 300 հազար հայեր` զանոնք բնակեցնելով յատկապէս մայրաքաղաք Սպահանի շրջակայքը, ուր անոնք հիմնած են Նոր Ջուղա քաղաքը՝ ի յիշատակ իրենց հայրենի Ջուղային (այժմեան բռնագրաւուած Նախիջեւանի տարածքին մէջ): Շահ Աբբասի կազմակերպած այս բռնագաղթը նպատակ ունէր հայ բնակչութիւնը Պարսկաստան քշելով զարկ տալ երկրի տնտեսական զարգացման, որովհետեւ հայ առեւտրականները, որոնք յատկապէս նշանաւոր էին մետաքսի առեւտուրով, մեծ եկամուտ կը բերէին պարսից գանձարանին։

Ըստ ԺԷ դարու մեծ պատմիչ Առաքել Դաւրիժեցիի (1669 թ.), հայերը Պարսկաստան տեղահանուած են երեք տարբեր հանգրուաններով։ Երկրորդ հանգրուանի տեղահանուած հայերը հասած են մինչեւ Սպահան։ Տեղահանուածներու մեծ մասը, ըլլալով գաւառացի, տեղափոխած են Սպահան քաղաքի շրջակայ գաւառներ, իսկ Ջուղայի առեւտրականներուն, շահի հրամանով, թոյլատրած են բնակիլ Սպահան քաղաքի մէջ, ուր, դարձեալ շահի հրամանով, անոնց տրուած են հողեր, որոնց վրայ հայերը գեղեցիկ շէնքեր եւ եկեղեցիներ կառուցած են։

Շահ Աբբաս քանի մը հրովարտակներով Զայանդեռուդ գետի հարաւային կողմը նշանակած է հայերու համար բնակարաններ կառուցելու վայր։ Յիշեալ հողամասը, որուն վրայ հիմնուեցաւ Նոր Ջուղան, մաս մը կառավարութեան կողմէն նուիրուեցաւ եւ մաս մըն ալ հայերը գնեցին արծաթով։

Ջուղայեցիները Սպահան քաղաք ժամանած են 1605-ին, իսկ Հին Ջուղայի հիմնարկութիւնը եղած է 1606 թուականին:

Հայերը աշխատած են գինեգործութեան, հիւսնութեան, կօշկակարութեան, դերձակութեան, ժամագործութեան, այգեգործութեան, գուլպայագործութեան, ոսկերչութեան եւ ակնագործութեան մէջ։ Ունեցած են քահանաներ, բժիշկներ, ուսուցիչներ, ատամնաբոյժներ, նկարիչներ, քանդակագործներ, խանութպաններ, վաճառականներ, հացագործներ, ատաղձագործներ, քարտաշներ, բաղնեպաններ, սափրիչներ, պղնձագործներ, երկաթագործներ, մսավաճառներ, ջուլհակներ, սեղանաւորներ, բրուտներ եւ այլ արհեստաւորներ։

1630-ականներուն, Խաչատուր Կեսարացու նախաձեռնութեամբ, Նոր Ջուղայի մէջ կը բացուի հայկական բարձրագոյն դպրոց, իսկ առաջին աշխարհիկ դպրոցը կը բացուի 1833 թուականին՝ Նոր Ջուղայի Ազգային Կեդրոնական դպրոցը։

Սպահանի մէջ ներկայիս կը գործեն հետեւեալ եկեղեցիները՝ Ս. Ամենափրկիչ վանքը, Ս. Յովսէփ Արեմաթեցի եկեղեցին, Ս. Բեթղեհէմի եկեղեցին, Ս. Աստուածածիմ եկեղեցին, Ս. Յակոբ Եկեղեցին, Ս. Գէորգ եկեղեցին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, Ս. Կատարինեան Մենաստանը կամ Կուսանաց վանքը, Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, Ս. Սարգիս եկեղեցին, Ս. Ներսէս եկեղեցին եւ Ս. Մինաս եկեղեցին։ Թեմին մէջ, 1606 թուականէն մինչեւ օրս, ծայառած են 36 առաջնորդ սրբազաններ։

Կայքէջ

www.norjugha.ir