Յունաստանի Հայոց Թեմ

Յունաստանի հայ համայնքի կազմաւորումը ընթացք առած է 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ, սակայն Հայոց ցեղասպանութեան եւ 1922 թուականի յոյն-թրքական պատերազմի հետեւանքով աւելի քան հարիւր հազար հայ վերապրողներ ապաստան գտած են Յունաստանի մէջ։ Այսօր հայերու թիւը կը կազմէ շուրջ 80 հազար, որոնք հիմնականօրէն կը բնակին Ատտիկէ նահանգին մէջ (Աթէնք, Բիրէաս եւ շրջակայքը), մինչ փոքր համայնքներ գոյութիւն ունին Թեսաղոնիկէ, Գաւալա, Քսանթի, Գոմոթինի, Ալեքսանտրուպոլիս, Տիտիմոփիխօ, Օրէսթիատա, Հերակլիոն (Կրէտէ) եւ Գալամաթա շրջաններուն մէջ։

Համայնքին մեծամասնութիւնը (աւելի քան 95%-ը) հայ ուղղափառ եկեղեցւոյ զաւակներն են, իսկ մնացեալը կը բաժնուին կաթոլիկ եւ աւետարանական դաւանանքներու միջեւ։ Յունաստանի ազգային առաջնորդարանը կը գտնուի Աթէնքի մէջ եւ ներկայիս թեմի առաջնորդն է Գերպ Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան։ Ուղղափառ եկեղեցիներ եւ ծուխեր կը գտնուին նաեւ Նէոս Գոզմոսի, Վիրոնասի, Նիկիայի, Թեսաղոնիկէի, Գաւալայի, Քսանթիի, Գոմոթինիի, Ալեքսանտրուպոլիսի, Տիտիմոփիխոյի, Հերակլիոնի եւ Գալամաթայի մէջ։ Հայ կաթոլիկ եւ աւետարանական եկեղեցիները կը գտնուին Աթէնքի եւ Բիրէասի մէջ։

Թեմին գործադիր բարձրագոյն ժողովը Ազգային իշխանութիւնն է՝ ընտրուած Ազգային Երեսփոխանական ժողովին կողմէ՝ 2 տարուան պաշտօնավարութեան համար։ Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, իր կարգին, կ՚ընտրուի թեմի ժողովուրդին կողմէ՝ չորս տարուան համար։ Այս ժողովին կը նախագահէ առաջնորդ հայրը։

 

Կայքէջ

www.facebook.com/armenianprelacygr