Ամերիկայի մէջ մեր եկեղեցւոյ գործունէութիւնը սկսած է Խրիմեան Հայրիկի գահակալութեան օրերուն։ Մեր եկեղեցւոյ ծառայութիւնը սկսած է արեւելեան նահանգներուն մէջ, ապա, հայութեան տեղաշարժին բերումով, ծաւալած է դէպի արեւմտեան նահանգներ, սկսելով Քալիֆորնիայէն։
Հիւսիսային Ամերիկայի թեմը հիմնուած է 1958-ին։ Տարիներ ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի հայ գաղութի աճին ու ապրած զարգացումներուն իբրեւ արդիւնք, անհրաժեշտ դարձաւ նախ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, ապա նաեւ Գանատայի մէջ առանձին թեմերու հաստատումը։
Արեւմտեան թեմը, որպէս ինքնուրոյն կառոյց, սկիզբ առաւ 1973-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Տ. Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի օրով։
Արեւմտեան թեմի հաստատումին իբրեւ արդիւնք, մինչ այդ տասնամեակներու կեանք ունեցող մեր եկեղեցիներուն կողքին, հիմնադրուեցան նոր եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ ազգային ամէնօրեայ վարժարաններ ու մանկամսուրներ։ Ազգային Առաջնորդարանը դարձաւ այս աշխատանքները վերահսկող ու վարող հաստատութիւն, միաժամանակ հասնելով Քալիֆորնիոյ մօտակայ արեւմտեան նահանգներու՝ Նեւատայի, Օրեկընի, Եութայի եւ Քոլորատոյի հայութեան կարիքներուն։
Ազգային Առաջնորդարանի առաջին գրասենեակը հաստատուած է Հոլիվուտի մէջ, Սանթա Մոնիքա եւ Հոպըրթ փողոցներուն շրջանի շէնքի մը մէջ։ Ապա, 1977 թուականին, գնուած է Հոլիվուտի Գամընուէյլթ եւ Ռասըլ փողոցներու խաչմերուկին գտնուող բնակարանը եւ վերածուած՝ Ազգային Առաջնորդարանի։
Ազգային Առաջնորդարանը այդ գրասենեակներուն մէջ գործեց աւելի քան 25 տարի։ Հետզհետէ աճող թեմական աշխատանքները, իրագործուող ծրագիրները, ժողովական կեանքի աշխուժացումը ստեղծեցին պահանջը աւելի ընդարձակ ու յարմարաւէտ Ազգային Առաջնորդարանի մը, որ այսօր արդէն իրականութիւն դարձած է։ Առաջնորդարանը այժմ կը գտնուի Լա Քրեսենթա քաղաքին մէջ (6252 Honolulu Ave.)։
Առաջնորդ սրբազանն է Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։
Կայք՝ www.westernprelacy.org