Թեհրանի Հայոց Թեմ

Հայերը Թեհրան բնակութիւն հաստատել սկսած են ԺԸ. դարու Բ. կէսէն սկսեալ։ Աւելի ուշ, զանազան շրջաններով եւ պատճառներով, աւելի մեծ թիւով հայեր հասատուած են Թեհրան եւ այս ընթացքին եկեղեցիներ շինած են, ինչպէս՝1795 թուականին Ս. Գէորգ մատուռը, որ 1882-էն ետք դարձած է Ս. Գէորգ եկեղեցի, Շահ Ապտուլ Ազիմ թաղերուն մէջ բնակուած շուրջ 10 ապակեգործ ընտանիքներու միջոցով 1808 թուկանին կառուցուած Ս. Թադէոս-Բարդուղիմէոս եկեղեցին, 1785 թուականին Թեհրանի հիւսիսային բաժնին մէջ գտնուող Վանաք գիւղի մէջ կառուցուած Ս. Մինաս փոքրիկ մատուռը։

1870-ին Թեհրանի մէջ կը հիմնուի Ուսումնասիրաց միութիւնը եւ տարի մը ետք Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կից կը հիմնեն դպրոց մը: Նոյն տարիներուն Ամերիկայի միսիոնարներ Թեհրան կը հաստատուին եւ դպրոց կը հիմնեն, իսկ խումբ մը հայեր կը հիմնեն «Հայկազեան» ընկերութիւնը եւ նոյն անունով՝ միջնակարգ դպրոց մը, որ հետագային կը կոչուի «Դաւթեան»:

Ըստ Թեհրանի հայոց թեմի արխիւներուն, 1928 թուականին մտածուած է Թեհրանահայ համայնքը, որ մինչեւ այդ օրերը կապուած եղած է Իրանա-Հնդկաստանի (Նոր Ջուղայի) թեմին, առանձին թեմ դարձնել, բայց այս ծրագիրը կ՚ իրագործուի 1945 թուականին։

Թեհրանի թեմը կը կազմակերպուի Էջմիածնի կարգադրութեամբ եւ որպէս առաջնորդ կ՚ուղարկուի Գերպ. Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Կոստանեանը։ Շատ չանցած Հայր Վահան կը տեղափոխուի Նոր Ջուղա եւ իրեն կը յաջորդէ Գերշ. Տ. Ռուբէն Եպս. Դրամբեանը, որ կը ծառայէ մինչեւ 1949 թուական, ապա կը հեռացուի իր պաշտօնէն եւ թեմի առաջնորդական գործերը կը վարէ Արժ. Տ. Յովհաննէս Ա. Քհնյ. Հաճեանը, իբրեւ առաջնորդական տեղապահ:

Թեմի յառաջացումէն 3 տարի ետք կեանքի կը կոչուի Թեմական խորհուրդ, եւ Հայ կանանց եկեղեցասէր միութեան միջոցով Ս. Աստուածածին եկեղցւոյ շրջափակին մէջ կը կառուցուի փոքրիկ շէնք մը՝ որպէս առաջնորդարան:

Իրանի երեք թեմերը մինչեւ 1958 թուական Էջմիածնի հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ կը գտնուէին, որմէ ետք կ՚անցնին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իշխանութեան ներքեւ:

1960 թուականին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ կ՚ընտրուի Գերշ. Տ. Արտակ Եպս. (հետագային Արք.) Մանուկեանը, որ մինչեւ իր վախճանումը (1999) կը ծառայէ որպէս առաջնորդ: Իր տարիներուն Մարգար Սարգսեանի եւ իր որդիներուն՝Գուրգէն եւ Վազգէն Սարգսեաններու բարերարութեամբ կարելի կ՚ըլլայ գնել հողամաս մը, որուն վրայ կը բարձրանան առաջնորդարանի շէնքն ու Ս. Սարգիս եկեղեցին: Եկեղեցին կ՚օծուի 1973-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Ա.-ի ձեռամբ:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն եւ եւ 1963-ին Ղարաղանի շրջանի երկրաշարժէն ետք բաւական մեծ թիւով հայեր Թեհրան կը տեղափոխուին եւ կարիք կը զգացուի նոր եկեղեցիներու կառուցման։ Այս կ՚իրականանայ Եկեղեցիներոպ համաշխարհային խորհուրդի նիւթական օժանդակութեամբ: Եկեղեցին կ՚օծուի 1968 թուականին Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցի անունով:

Աւելի ուշ, Թեհրանի մէջ կը կառուցուին նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (1982 թ.), բարերարութեամբ տէր եւ տիկ. Գրիգոր եւ Հրաչիկ Մելիքեաններու, Սրբոց Վարդանանց (1986 թ.) եկեղեցիները եւ «Արարատ» մարզաւանի Ս. Խաչ մատուռը (1987 թ.):

Մինչեւ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան սկիզբը, Թեհրանի թեմը ունեցած է 12 ենթակայ շրջաններ, իսկ այժմ թեմի շրջանները 7 են՝ Արաք, Ղազւին, Ռաշտ, Անզալի, Մաշհադ, Սարի և Գորգան:

Ներկայիս Թեհրանի Հայոց Թեմը ունի 20 եկեղեցիներ ու մատուռներ:

Թեհրանի թեմին հովանիին տակն են 3 հայկական ծերանոցներ՝ Ս. Գէորգ, Սօսէ Մայրիկ և Չիլոյեան: Գոյութիւն ունին 2 գերեզմանատուներ՝ «Դուլաբ» գերեզմանատունը (կառուցուած 1850-ական թուականներին) եւ «Նոր Բուրաստան» գերեզմանատունը (կառուցուած 1974 թուականին)։

Այժմ Թեհրան ունի 14 դպրոցներ եւ 4 մանկապարտէզ-նախակրթարաններ:

Թեմը օժտուած է թանգարանով, «Արտակ Մանուկեան» անուամբ, որ կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

2001 թուականէն ի վեր Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ կը գտնուի նաեւ «Ակունք» յատուկ կարիքներու հայ երեխաներու կեդրոնը, որ կը գտնուի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

 

Կայք՝ www.tehranprelacy.com