Դէպի Երուսաղէմ ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ, հայ ուխտաւորներուն համար Հալէպը կամ Բերիան սկիզբը եղած է հոգեւոր կայան մը, յետագային դարձած է ազգային-եկեղեցական կենսունակ կեդրոն՝ մինչեւ առանձին թեմի մը վերածուիլը։
Հալէպի մէջ, 1624-ին կառուցուած էր Ս. Յակոբ վանքին կողքի հոգետունը, որ կը պատկանէր Երուսաղէմի Պատրիարքարանին։ Այնուամենանիւ, Հալէպի հայ համայնքի ազգային-եկեղեցական կազմակերպուած վիճակը եւ քաղաքին աշխարհագրական-առեւտրական կարեւոր դիրքը առիթ ստեղծած էր, որ Կիլիկիոյ հայերը յարաբերութիւն մշակէին Հալէպի հետ, որուն արդիւնքով ԺԴ. դարու առաջին կիսուն Հալէպը դարձած էր հայկական բարգաւաճ կեդրոն մը։
Հալէպի մէջ առաջին անգամ հայկական փոքրաթիւ համայնքին մասին կը կարդանք 1355-ին, Յովհաննէս անունով եկեղեցականի մը կողմէ Հալէպի մէջ գրի առնուած յիշատակարանին մէջ։ Կը կարծուի, թէ ան գաղութին հոգեւոր տեսուչը եղած է եւ հովուած զայն։
1350-ական թուականներուն, թէեւ ազգային ներքին յիշատակարաններուն մէջ Հալէպի կամ Բերիոյ հայոց թեմին վրայ թեմակալ առաջնորդի մը անունը յիշուած չէ, սակայն կը կարծուի, թէ քրիստոնեայ զանազան համայնքներ ընդգրկող Հալէպ քաղաքի հայ համայնքն ալ պէտք է ունեցած ըլլար իր առաջնորդը, ինչ որ հաստատուած է 1438-ին, երբ Յովակիմ Արքեպիսկոպոս մը յիշատակուած է իբրեւ Հալէպի թեմի առաջնորդ։
Մինչ այդ, Հալէպի պատմական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին յիշուած է 1429-ին, իսկ նոյն շրջափակին մէջ գտնուող Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հետ միասին՝ 1476-ին։
1499-1500-ին, համայնքի երեւելիներէն Ըռայիս Պարոն Եսայիի բարերարութեամբ, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կառուցուած է «թագաւորական դարպաս», այլ խօսքով՝ Առաջնորդարան, որուն նկարագրականը առաջին անգամ կատարուած է 1616-ին, Սիմէոն Լեհացիի կողմէ։
ԺԶ. դարու վերջին քառորդին, Առաջնորդարանը ընդարձակուելով ծառայած է նաեւ որպէս Սիսի կաթողիկոսներու ժամանակաւոր նստավայր, որուն շուրջ ծաղկած է Հալէպի նշանաւոր Դասատունը (ԺԶ.-ԺԷ. դարեր), արուեստի ու գիտութեան իսկական դպրոց մը։ Նշելի է, թէ թեմը փառքի օրեր ապրած է ԺԷ. դարուն, ուր նաեւ յատկանշական եղած է ջուղայեցիներուն դերը։
ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն, որոշուած է Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան գործունէութիւնը ձեւաւորել Ազգ. սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն եւ առաջին անգամ ըլլալով 1875-ին, առաջնորդ Յակոբ Ծ. Վրդ. Ասլանեանի օրոք (1872-1876), կազմուած է Գաւառական ընդհանուր ժողով, որ իր կարգին ընտրած է Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները։
Բերիոյ հայոց թեմի նստավայրը ի սկզբանէ եղած է Հալէպ քաղաքը, իսկ շրջաններու կազմակերպումը անցած է զանազան հանգրուաններէ՝ ընդհանրապէս հիմնուելով Սուրիոյ մէջ հայութեան տեղաբաշխումին հետ, որ մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուած է յատկապէս Մեծ եղեռնի վաղորդայնին եւ մանաւանդ 1939-ին Ալեքսանտրէթի Սանճաքին Թուրքիոյ կցումով։
Անցեալ դարասկիզբին, Հալէպի վիճակին կամ Բերիոյ հայոց թեմին մաս կազմած են.- Հալէպ, Ալեքսանտրէթ, Պէյլան եւ Քիլիս (վերջին երեքը ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններէն ներս կը գտնուին), Քէսապ մաս կազմած է Անտիոքի Վիճակին, Լաթաքիա՝ Պէյրութի Վիճակին։ 1914-ին թեմին ենթակայ եղած են 28 աւաններ եւ գիւղեր. բնակչութիւնը հաշուած է 8,500 հայեր։ 1919-1920-ին թեմական ժողովուրդին թիւը հասած է 70,000-ի։
1932-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եպիսկոպոսական Բ. ժողովին որոշումով, Բերիոյ հայոց թեմը ընդարձակուելով անոր իրաւասութեան ենթարկուած է ամբողջ հիւսիսային Սուրիոյ եւ Եփրատ գետի հովիտի շրջանը։
1942-ին, հասատուած է Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդութիւնը։
Ներկայիս, Բերիոյ հայոց թեմին ենթակայ են.- Հալէպ (նստավայր), Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդութիւն (կ՚ընդգրկէ Գամիշլի, Տէրիք (Մէլքիէ), Րաս Ուլ Այն, Հասիչէ), Տէր Զօր, Րաքքա, Թէլ Ապիատ, Եագուպիէ, Թարթուս, Պանիաս, Լաթաքիա, Քէսապ, Ղընէմիէ եւ Արամօ։
Ֆէյսպուքի հասցէ՝ www.facebook.com/periotem.sy