Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ — 2025

ԴԱՌՆԱՆՔ ՅՈՅՍԻ ԱՂԲԻՒՐԻՆ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾՆԵԱԼ ՈՐԴՒՈՅՆ   Նոր Տարուան սեմին եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս: Եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Շաբաթ, 4 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ հանդիպում ունեցաւ ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան եւ այս ծիրին մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն միասնակամութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան ու…