ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 2 Յունուար 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց եւ նոր տարուան ու Քրիստոսի ծննդեան տօներուն առթիւ զինք շնորհաւորեց Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա Արքեպիսկոպոսը։ Այս առիթով պապական նուիրակը Հայրապետին յանձնեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին շնորհաւորական նամակը։ Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկուեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, որ պիտի կայանայ յառաջիկայ 9 Յունուարին։