2025 ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Աստուծոյ օրհնութեամբ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու ու հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, Չորեքշաբթի, 1 Յունուար 2025-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ 2025 նոր տարուան անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը. պատարագիչն էր Կիլիկեան Ուխտեալ Միաբանութեան անդամ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան։ Սուրբ Պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական…