ՀԱՍԿ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ—ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԹԻՒԸ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթի թուայնացած տարբերակը առցանց կը գտնէք։ Կրնաք այցելել հոս եւ ստանալ ձեր անվճար օրինակը։ Այս թիւին մէջ պիտի գտնէք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամները՝ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 33-ամեակին եւ Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթներով, հայրապետական կոնդակներ, Նորին Սրբութեան կատարած հովուապետական այցելութիւնները, պատմա-ուսումնասիրական, մեկնաբանական, քարոզչախօսական, գրախօսական եւ այլ յօդուածներ։