Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԱԱՄԱԹ ԱՖՐԱՄ

Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի պետական երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամի այցելութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Լիբանանի ներքին կեանքը յուզող խնդիրները եւ մասնաւորաբար յառաջիկայ Յունուար 9-ին տեղի ունենալիք Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը։ Յայտնենք, որ երեսփոխան Աֆրամ նախագահական ընտրութեան թեկնածուներէն մէկն է։

ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ   Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի ու նախասարկաւագի տօնին առիթով, Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2024-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայրապետանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին սուրբ խորանը ծաղկած էր Դպրեվանքի սարկաւագաւաց դասով. աւելի՛ն՝ խորանը առաւել եւս կը ճառագայթէր «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերուած Ս«ուրբ Ստեփանոսի սրբազան մասունքով, որուն օրհնութիւնը բաշխուեցաւ հաւատացեալ…