Հայ Հոգեւոր Պետերն Ու Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Շեշտեցին Համակարգուած Աշխատանքներու Շարունակութեան Հրամայականը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, Հայ հոգեւոր պետերու եւ Լիբանանի հայ քաղաքական կուսակցութիւններու մարմիններու, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ Կաթողիկսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի դիւանի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, խորհրդակցական նիստ գումարուեցաւ Ուրբաթ, 22 Նոյեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Խորհրդակցութեան հիմնական թեման Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակն էր եւ անկէ բխած հետեւանքներու դիմագրաւման հաւանական միջոցները։ Արամ…

Լոյս Տեսաւ «Խաչիկ Պապիկեան» Հրատարակչական Հիմնադրամին 17-րդ Հատորը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի 17-րդ հատորը լոյս տեսաւ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։ Հատորին խորագիրն է «Armenian Cultural Genocide» (A Contribution For The Typification Of Cultural Genocide As An International Crime). հեղինակն է իրաւունքի եւ ընկերային գիտութիւններու դոկտոր, ուրուկուէյցի Օսքար Լոփէզ Կոլտարսենան, որ աշխատասիրութիւններ ունի մարդկութեան դէմ ոճիրի, ռազմական յանցագործութիւններուն եւ զանոնք միջազգային քրէական դատարանին…