ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երկուշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2024-ին, Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի նոր վարչութիւնն ու երիտասարդական խորհուրդը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին խմբավար հայր սուրբը, Հայրապետին ուղղած իր շնորհակալական խօսքը արտասանելէ ետք, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց նոր վարչութեան եւ երիտասարդական խորհուրդին աշխատանքային ծրագիրները։…