Անթիլիասի մէջ յատուկ աղօթք կատարուեցաւ՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու վերահաստատման

Նկատի ունենալով 11-22 Նոյեմբեր 2024-ին Ազրպէյճանի մէջ կենսոլորտին նուիրուած միջազգային համագումարի կայացումը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առիթը լաւագոյնս օգտագործելով՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս հրաւիրեց Արցախի հայութեան պապենական հողեր վերադառնալու իրաւունքին եւ Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով գերեվարուած մեր հայորդիներուն ազատ արձակման պահանջքին։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Կաթողիկոսը միջազգային համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններու հետ կապեր…