ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ 39 ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՑՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ 2024-2025 ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
Իւրաքանչիւր հայ դպրութեան կեդրոն լոյսի փարոս մըն է հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ հայ դպրոցը կը մնայ մեր ինքնութեան եւ հայաշունչ դաստիարակութեան հիմնական աղբիւրը: Ամսուան մը ակամայ ուշացումէն ետք, Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ (Ֆանար), տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայագիտական Կեդրոնի 2024-2025 կրթական տարեշրջանի վերամուտը: Յիշենք, որ Հայագիտական Կեդրոնը արդէն երրորդ…