«ԿԻԼԻԿԻԱ» ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿԸ ԿԸ ԳՈՒՄԱՐԷ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԱՌՑԱՆՑ ՆԻՍՏԵՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» վերլուծական հարթակը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ կը գումարէ արտակարգ յաջորդական նիստեր՝ օրակարգ ունենալով միջին արեւելեան վերջին զարգացումներն ու Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմը։ Նիստերուն քննարկման կէտեր են.- «Երկու պետութիւն» միջազգայնացող օրակարգը եւ 1701-ի գործադրութեան հնարաւորութիւնները Իրանի ներգրաւուածութիւն, Հըզպալլայի նկատմամբ Իրանի օժանդակութեան տարողութիւնը եւ Իրան-Ա.Մ.Ն. յարաբերութիւնները։ Իրան-Իսրայէլ թիրախային պատերազմի յետագայ…