ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ

Պաքուի (Ազրպէյճան) մէջ 11-22 Նոյեմբեր 2024-ին տեղի ունենալիք COP29 միջազգային համագումարի նախօրեակին, մենք՝ հոգեւոր պետերս դարձեալ մեր արդար ընդվզումը ու խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին (2020-2023) ու անոր իբրեւ հետեւանք շուրջ 120.000 արցախցիներու իրենց պատմական հողերէն բռնագաղթին, Արցախի մէջ հայկական կրօնական ու մշակութային կառոյցներու ու կոթողներու ծրագրուած քանդումին եւ…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵՑ ԼՈՒԻՍ ՄՈՐԵՆՕ ՕՔԱՄՓՈՆ

Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հեռաձայնեց միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր եւ առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ։ Խօսակցութեան առանցքը հանդիսացաւ Նոյեմբեր 11-22 Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք COP29 միջազգային համագումարի լոյսին տակ Արցախի առնչուած հարցերուն հետապնդման աշխատանքները։ Այս ծիրէն ներս դոկտ. Օքամփօ Նորին Սրբութեան պարզեց ցարդ իր կատարած աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը եւ…