Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԶՐՈՅՑ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊՈՍԹԸՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԵՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐ
Շարունակելով իր հովուապետական այցելութիւնը Պոսթընի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, անցնող օրերու ընթացքին, իւրայատուկ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Պոսթընի երիտասարդութեան հետ, շնորհաբաշխ այցելութիւններ շնորհեց հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային միութեան թանգարան-մատենադարանին (National Association for Armenian Studies and Research — NAASR), Ամերիկայի հայկական թանգարանին (Armenian Museum of America) եւ Ազգային ծերանոցին (Armenian Nursing & Rehabilitation Center — ANRC), ինչպէս…