Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ
Հայկական վարժարաններ Անցնող օրերուն ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս ամենօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարանները, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ: Յիշեալ վարժարաններուն պատասխանատուները Նորին Սրբութեան զեկուցեցին վարժարանին գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Հայրապետը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին նուիրուածութիւնը եւ շեշտեց անոնց ստանձնած ազգանուէր առաքելութեան…