ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պոսթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ՀԻՒՐԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յոյն ուղղափառ արքեպիսկոպոսին եւ ուղղափառ-անկլիքան երկխօսութեան յանձնաժողովին հրաւէրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ յիշեալ յանձնաժողովի փակման նիստին, Պոսթընի Սուրբ Խաչ (Holy Cross) աստուածաբանական ճեմարանին մէջ: Յայտնենք, որ ուղղափառ-անկլիքան երկխօսութեան յանձնաժողովը այս հանդիպումին նշեց երկխօսութեան յիսնամեակը։ Հանդիսութեան աւարտին խօսք առնելով Ամերիկայի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսը՝…