Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ՄԱՍԱՉՈՒՍԵՑ ՆԱՀԱՆԳԻ ՈՒՍԹԸՐ ՔԱՂԱՔԸ
Երեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբով, ժամանեց Ուսթըր, ուր դիմաւորուեցաւ հոգաբարձութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Արտակ Ծայրագոյն Վարդապետ Արապեանի: Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի մուտք գործեց «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, ուր հաւաքուած էին քաղաքի կաթոլիկ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսը եւ զանազան համայնքներու հոգեւոր հայրեր ու…