Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԱՄՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ
Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2024-ին, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ռազմական Հարցերու Յանձնաժողովի ատենապետ ծերակուտական Ժագ Ռիտին: Հանդիպման ներկայ էին երեք երեսփոխաններ։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր համայնքներուն եւ ամերիկեան հասարակութեան մէջ անոնց ունեցած դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն…