Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով Նիւ Եորքէն ժամանեց Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրաւիտընս քաղաքը, ուր դիմաւորուեցաւ քահանայ հօր ու ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը ոստիկանական ջոկատներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր ծխայինները մեծ բազմութեամբ կը սպասէին իրենց հոգեւոր հօր այցը: Հրաշափառի արարողութենէն ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի…