ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԺԱՄԱՆԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2024-ին, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Կաթողիկոս հովուապետական շնորհաբաշխ այցելութեամբ ժամանեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (Արեւելեան հայոց թեմ)։ Նիւ Եորքի օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, Ազգային Իշխանութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեանի եւ թեմի խումբ մը հոգեւոր հայրերուն կողմէ։ Յիշենք, որ անցեալ…