«ԵԿԵՂԵՑԻՆ Ո՛Չ ՎԱՅՐ Է ԵՒ Ո՛Չ ԱԼ ԿԱՌՈՅՑ, ԱՅԼ՝ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾՄԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմին տալիք հովուապետական այցելութեան նախօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Cilicia TV-ին հետ ունեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը։ * * * Հարցում.- Վեհափառ Տէր, զանազան առիթներով հովուապետական այցելութիւն շնորհած էք հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան հայոց թեմին։ Ի՞նչ է Ձեր այս հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակը։ Պատասխան.- Բնականաբար, հովուապետական այցելութեան նպատակը հովուապետ-ժողովուրդ…