Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով

«ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻ՛ՆՔ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՄԸ ՇՈՒՐՋ»   Այսօր 21 Սեպտեմբեր է. Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրն է. այլ խօսքով, սովորական օր չէ՛, պէտք չէ՛ ըլլայ իւրաքանչիւր հայու եւ ողջ հայութեան համար։ Մեր պատմութեան ընթացքին Հայաստանի անկախութեան համար պայքարեցանք, ստեղծագործեցինք, նոյնիսկ արիւն թափեցինք այն խոր գիտակցութեամբ, որ անկախութիւնը Աստուածատուր իրաւունք է եւ, հետեւաբար, սրբազան արժէք է եւ անոր…