ԽԱՉՆ ԿԵՆԱՐԱՐ, ՈՐ ԵՂԵՒ ՄԵԶ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ. Ս. ԽԱՉԻ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՏՕՆԸ
Խաչվերացը Հայ եկեղեցւոյ հինգերորդ տաղաւարն է, այսինքն հինգերորդ գլխաւոր տօնն է եւ նուիրուած է խաչին: Ինչպէս միւս տաղաւարները, Խաչվերացն ալ ունի պատմական հիմք մը: Իր պատմական սկզբնաւորութիւնը կը հասնի մինչեւ քրիստոնէութեան ակունքները, քանի որ խաչը վերցնելու կամ բարձրացնելու եւ փառաւորելու առաջին գործողութիւնը կը վերագրուի Յակոբոս Տեառնեղբօր: Ան եղած է Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսը եւ խաչը ի…