«ԿԻԼԻԿԻԱ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ»Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Օրակարգին ներառուած էին Միջին Արեւելքի եւ հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները, Կազայի պատերազմը, անոր զուգահեռ Լիբանանի դիմագրաւած պատերազմի վտանգն ու այդ բոլորի ազդեցութիւնը միջին արեւելեան հայ համայնքներուն վրայ։ Յատուկ կէտով քննարկումներ կեդրոնացան ՔՈՓ29-ի…