ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ Ե.Հ.Խ.Ի ԷՔԻՒՄԷՆԻՔ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) «Էքիւմէնիք Դաստիարակութեան Եւ Կազմաւորման Յանձնաժողով»ը իր առաջին անձամբ ժողովը գումարեց Յունիս ամսու վերջին շաբթուան ընթացքին, Սէուլի Եոնսէյ համալսարանին մէջ, Հարաւային Քորէա։ Յանձնաժողովը օրակարգի վրայ ունէր ութամեայ գործունէութեան ծրագրաւորումը, յատկապէս երկու տարին անգամ մը կազմակերպուող ԿԷԹԻ Համաշխարհային Էքիւմէնիք Աստուածաբանական Ինստիտուտի ծրագրի եւ էքիւմէնիք կազմաւորման առցանց դասապահերու նոր ծրագրի մը՝ Պոսէյի Էքիւմէնիք Ինստիտուտի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2024-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայրենիքին ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող խնդիրներուն եւ տարածաշրջանը դիմագրաւող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն։