Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 29 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, Լիբանանի մօտ Յունաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Էքաթէրինի Ֆունթուլաքին այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայ համայնքին։   Նորին Սրբութիւնը հարկ եղած բացատրութիւնները տուաւ դեսպանին՝ ներկայացնելով Լիբանանի հայ համայնքի կառոյցները ու անոր քաղաքական դերակատարութիւնը։ Այս առիթով Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ 1000 ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՆԻՒԹԱՊԷՍ ՕԺԱՆԴԱԿԵՑ

Այսօր հոգեկան գոհունակութեան օր մըն էր ինծի համար: Արդարեւ, Կաթողիկոսարանին կողմէ հերթաբար եւ յաճախ լուռ ու լուսարձակներէ հեռու կերպով կատարուող օժանդակութիւններու շարքին, այսօր կրցանք համայնքային կառոյցներու ճամբով 1000 կարիքաւոր ընտանիքներու նիւթական աջակցութիւն կատարել: Երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններուն դիմաց պիտի շարունակենք, կարելիութեան սահմաններէն ներս, մեր զաւակներու կարիքներուն առաւելագոյն չափով հասնիլ:   Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ…

ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԵՍՈՒՉ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ նշանակեց Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը։   Հայր սուրբը ձեռնադրուած եւ օծուած է 2012-ին։ Ան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պըրքլիի Graduate Theological Union համալսարանին մէջ՝ արժանանալով մագիստրոսի աստիճանին։ Հայր սուրբը Կաթողիկոսարանէն ներս ստնաձնած է Երիտասարդական Բաժանմունքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան հոգեւոր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԱՂՕԹՔԻՆ

Կիրակի, 24 Յունուար 2021-ին, տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն «Աղօթքի Շաբաթ Եկեղեցիներու Միութեան Համար», կազմակերպութեամբ Միջ-եկեղեցական Երկխօսութեան Յանձնախումբին:   1908 թուականէն ի վեր հաստատուած գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի, աշխարհի տարածքին եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ միատեղուելով, Յունուարի երրորդ շաբթուան ընթացքին կը կատարեն եկեղեցիներու միութեան աղօթք: Այս տարի, քորոնա ժահրին ստեղծած ոչ-բնական պայմաններուն պատճառով յիշեալ արարողութիւնը կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԸ

Շաբաթ առաւօտ՝ 23 Յունուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ընտրութիւնը: Նորընտիր նախագահին ուղղած իր նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած հայերը պատրաստ են գործակցելու իր եւ իր ղեկավարած վարչակազմին հետ՝ ի խնդիր մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու պաշտպանութեան, Միացեալ Նահանգներու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

11-15 Յունուար 2021-ին առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) յառաջիկայ Ընդհանուր Համաժողովին Պաշտամունքի Ծրագրաւորման Յանձնախումբին երկրորդ նիստը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ, Ե.Հ.Խ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ սոյն յանձնախումբին անդամ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։   Նշենք, որ յանձնախումբը իր առաջին նիստը գումարած էր 2019-ին, Գերմանիա, ուր…

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆԻ

Շաբաթ, 16 Յունուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով գուժեցին Կիլիկիեան Ուխտի աւագ անդամներէն հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի վաղահաս վախճանումը։   Արդարեւ, Կիրակի, 17 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին, մէջ յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին,…

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆԻ

Ծնած է 3 Յունուար 1968-ին, Պէյրութ (Լիբանան)։ Աւազանի անունն է Կարապետ։ Նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Աքսոր Գասարճեան եւ Միհրան Գարակէօզեան Վարժարաններուն մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է Հոկտեմբեր 1982-ին։   Կատարելէ ետք Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց քառամեայ ընթացքը՝ սարկաւագ ձեռնադրուած է 26 Մայիս 1985-ին, ձեռամբ Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի։ Աւարտելէ ետք Ընծայարանի…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 11 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանին։ Ներկայ էին յանձնախումբի անդամներ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։   Ժողովը լսեց զեկուցումներ անցեալ տարուան ընթացքին լոյս տեսած հրատարակութիւններու մասին, որմէ ետք քննեց անգլերէն, արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով պատմաքաղաքական բնոյթ…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ԵՒ ԹԵՄԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ներկայ տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայրապետական յատուկ հռչակագրով հռչակեց «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ»։   Արդարեւ, Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, ընթերցուեցաւ Հայրապետական հռչակագիրը՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ։   Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայրապետական հռչակագիրը ամբողջութեամբ.-…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐՈՆԻԹ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչ Արքեպիսկոպոս Փոլ Սայեահը: Ան հայոց Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Պատրիարքին շնորհաւորանքը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած Պատրիարքին մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները: Յայտնենք, որ այս առաւօտ Մարոնիթ Պատրիարքը հանդիպում մը ունեցած էր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին հետ:   Վեհափառ…

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԵ՛ԶԻ ՀԱՄԱՐ ԾՆԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԵՆՔ ԻՐ ԾՆՈՒՆԴՈՎ ՎԵՐԱԾՆԻՆՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Այս յիշեցումը դարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սուրբ Ծննդեան պատգամին առանցքը, զոր փոխանցեց 6 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցած Ս. եւ Անմահ Պատարագ ընթացքին։ Խօսելով Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան մասին, Վեհափառը ըսաւ, թէ «Աստուծմէ հեռացած, իր աստուածային պատկերը եղծած, մեղքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԴԱՌՆԱՆՔ ՄԵՐ ՓՐԿԻՉԻՆ     Աւետարանիչը կը վկայէ, թէ գիշեր մը դաշտին մէջ երբ հովիւները իրենց հօտերուն պահակութիւնը կ’ընէին, Աստուծոյ հրեշտակը կ’երեւնայ. հովիւները կը վախնան. հրեշտակը կ’ըսէ անոնց՝ մի՛ վախնաք, այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր փրկիչը ծնաւ (Ղկ. 2.8-12)։   Պատահական չէր հրեշտակին տուած աւետիսը։ Պատահական չէր Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը։   Դրախտի կեանքէն արտաքսուած ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԱՂՕԹԵՆՔ ՈՐ 2021 ՏԱՐԻՆ ԴԱՌՆԱՅ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ՏԱՐԻ՝ ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ     Բացուող Նոր Տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։   Տագնապալից տարի մը եղաւ 2020 տարին համայն մարդկութեան ու յատկապէս՝ մեր ժողովուրդին համար։ Արդարեւ, քորոնա ժահրին ու տնտեսական տագնապին…