Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Հինգշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց պապական նուիրակ Ժոզեֆ Սփիթերին։ Ան Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին եղբայրական ողջոյնները եւ վերջինիս կողմէ նամակ մը յանձնեց Հայրապետին։   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կացութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթղիկոսութեան ու Վատիկանի գործակցութեան առնչուած հարցեր։ Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ՆՊԱՍՏԸ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

  Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կոչին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը Նոր Տարուան առիթով տեղի ունենալիք աշակերտական խրախճանքին յատկացուելիք  ծախսերն ու նուիրատուութիւնները յատկացուց Լիբանանի ու Սուրիոյ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Նոյնպէս Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը 200 ընտանիքներու նպաստ բաշխեց:   Յայտնենք, որ այս ուղղութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերը նիւթապէս օգտակար հանդիսացան: 

«ԿՐՕՆԻ ՈՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱՊԷՍ ՊԻՏԻ ՆՊԱՍՏԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս շեշտաւորումով Վեհափառ Հայրապետը եզրափակեց Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Բաժանմունքի ուսանողներուն իր տուած դասախօսութիւնը «Կրօն եւ Գիտութիւն» նիւթին շուրջ, Չորեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահէն ներս:   Ներածական իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կրօնն ու գիտութիւնը, իրենց իւրայատկութիւններով եւ տարբերութիւններով՝ յիշելով որ երկուքն ալ տարբեր ձեւերով ու մօտեցումներով կը ձգտին ճշմարտութեան: Ճշմարտութեան…

ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Կիրակի, 27 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը։ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, իսկ Ս. Սեղանի սպասարկութիւնը կատարեց Դպրեվանքի սարկաւագաց դասը։   Ս. Պատարագի աւարտին, իր…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020-ի Երեկոյեան Ժամերգութենէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ միաբանական հաւաք մը տեղ ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։   Հաւաքին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը շարք մը թելադրութիւններ կատարեց միաբան հայրերու քարոզախօսութիւններու, դասախօսութիւններու եւ ընկերային ցանցերու գործածութեան առնչուած, ինչպէս նաեւ շեշտեց եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութիւնը առաւել ծաւալելու եւ մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը։…

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, ինչպէս նաեւ իր գլխաւորած Լիբանանի վարչութեան անդամներուն:   Ներկաները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան նորտարուան բարեմաղթութիւնները եւ ազգն ու հայրենիքը յուզող հիմնական հարցերու նկատմամբ իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները:   Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2021 ՏԱՐԻՆ ՀՌՉԱԿԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 2003 թուականէն սկսեալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հայրապետական յատուկ հռչակագիրով իւրաքանչիւր տարին ձօնած է մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթին, հայրենիքին, մեր անցեալին ու ներկային առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը։ Այս ծիրին մէջ, մեր թեմերէն ներս զանազան ձեռնարկներու ճամբով տուեալ տարուան թեման դարձած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան յատուկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբնանաի Շրջանային Վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Սեւակ Յակոբեանին, այցելութիւն տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Հանդիպման ընթացքին քննարկումի ենթարկուեցան ընդհանրապէս մեր ազգը ու յատկապէս Արցախի պատերազմէն ետք Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած կացութեան հետեւանքները։ Անորոշութիւններով ու մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ պայմաններուն մէջ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հայրենիքէն ներս նոր էջ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցլեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի։   Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու յատկապէս Արցախի պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն Արցախի ու Հայաստաանի մէջ՝ քաղաքական, ընկերային ու…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

«ՀԱՒԱՏՔԻ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒ ԱՄՈՒՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՐԵԼԻ Է ՅԱՂԹԵԼ՝ ՄԵԶԻ ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐ ԳՈՅԱՄԱՐՏԵՐԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ    Կիրակի, 20 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախի պատերազմի ընթացքին նահատակուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար։   Այս տխուր առիթով Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց՝ թէ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ (ՁԵՌԱԳՐԵՐ, ՀՆԱՏԻՊԵՐ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐ)

Յիշեալ նիւթին շուրջ Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Օրուան զեկուցաբերն էր մատենադարանի, ձեռագրերու ու հնատիպերու բաժանմունքի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։   Սրբազան հայրը ընդհանուր ներածականով մը ներկայացուց ձեռագրերու, հնատիպերու ու հրատարակչութեան զարգացման հոլովոյթը, ապա ան իր խօսքը մասնաւորեց Անթիլիասի Մայրավանքին…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԷՋ

Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2020-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի մանուկներուն մեծ ուրախութիւն պատճառեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին անակնկալ այցելութիւնը։ Շուրջ ժամ մը Վեհափառ Հայրապետը «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտներուն հետ եղաւ, իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէն հայր սուրբին՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանին եւ պաշտօնէութեան։   Մեր ժողովուրդին համար սովորական որբանոց ըլլալէ անդին, «Թռչնոց…

ԻՐԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանատան խորհրդական դոկտ. Ապպաս Խավիարը։ Այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան իսլամական մշակոյթի եւ միջ—կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ապուզար Իպրահիմիի նամակը։   Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Հանրապետութեան միջեւ շուրջ քսան (20) տարիներէ ի վեր երկխօսութիւն գոյութիւն ունի կրօնքն…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՆ «ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ» ՇԱՐՔԻՆ Թ., Ժ. ԵՒ ԺԱ. ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակութեամբ լոյս տեսան «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին Թ., Ժ. եւ ԺԱ. հատորները՝ «Ապաշխարութեան Օրհնութիւններ Եւ Ապաշխարութեան Հարցեր Իրենց Սարքերով», «Ալէլուքներ Եւ Թագաւոր Յաւիտեաններ» եւ «Կանոն Հանգստեան, Հանգստեան Հարցեր Իրենց Սարքերով Եւ Խաչի Մանկունքներ» յաջորդաբար։   Հատորներուն խմբագրութիւնը կատարած է Գերշ. Տ. Օշական Արք.…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական միջ-եկեղեցական աղօթք, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) եւ մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի մէջ գործող հայ թէ օտար ուսանողական ու երիտասարդական միութիւններու։ Յիշեալ զօրակցական աղօթքը նուիրուած էր Արցախի հերոս նահատակներու յիշատակին։   Արարողութեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ական Կարէն Սրկ. Եօսուլքանեանը, ապա արաբերէն լեզուով խօսք…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Կազմակերպութեամբ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին, որուն անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ Իրանի երեք թեմերուն ճամբով, 1-30 Նոյեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ առցանց դասընթացքներ՝ նախաձեռնութեամբ Խորհուրդի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու միաւորին։   Սոյն դասընթացքներուն մասնակցեցան 38 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ Ասիոյ տարբեր երկիրներէն. Թեհրանէն մասնակցեցաւ Բշ. Անի Քրիստի սարկաւագուհի Մանուէլեանը, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի կարգադրութեամբ։   Յայտնենք,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ԳԱՐԼԱ ԽԻԺՈՅԵԱՆԸ

Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) մօտ 2007 թուականէն գործող Գարլա Խիժոյեանը:   Յայտնենք, որ Գարլա Խիժոյեանը 2002-2005 թուականներուն Կաթողիկոսարանի Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) վարչութեան ատենապետը եղած է: Նոյն տարիներուն Սեն Ժոզեֆ համալսարանի եւ ճեմարանի մէջ ֆրանսերէն լեզու ու գրականութիւն դասաւանդած է եւ ապա Ե.Հ.Խ.-ի կեդրոնատեղիին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ՕԳՆԵԼՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ

Քորոնա ժահրին ու տնտեսական դժուարութեան ստեղծած տխուր պայմաններուն մէջ, ողջ մարդկութիւնը կը պատրաստուի նշելու Նոր Տարին։ Յիշեալ տագնապներուն առընթեր, Արցախի պատերազմին յառաջացուցած ցնցումը ահաւոր է մեր ժողովուրդին ու յատկապէս Արցախի մեր ազգակիցներուն համար։ Արդ, մեկնելով մեր քրիստոնէական ու ազգային նախանձախնդրութենէն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ կ’ուղղէ Նոր Տարուան ու Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթներով հեռու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու ներկայութեան, հետեւեալ հայրապետական պատգամը կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն.-   Հայ ժողովուրդը խոր տագնապի մէջ է. պարտուած ըլլալու հոգեվիճակը զինք անորոշութեան ու յուսահատութեան մատնած է։ Արդարեւ, մեր զաւակներու արիւնով կերտուած ու ծաղկած Արցախին մեծ մասը կորսնցուցինք՝ հակառակ մեր հերոս բանակին ցուցաբերած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 5։30-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարան սրահին մէջ միաբանական հոգեմտաւոր հաւաք մը տեղի ունեցաւ։ Նորին Սրբութիւնը նախապէս թելադրած էր, որ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը յուզող եւ գիտական ու կրօնական շրջանակներէն ներս յաճախ արծարծուող հետեւեալ երկու հարցերու քննարկումը կատարուի՝ ա) ԿՐՕՆՔ ՈՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ եւ բ) ՀԱՒԱՏՔ…