ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԱՋՈՎ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագէն հաւատացեալներ թէեւ ֆիզիքապէս բացակայեցան՝ համաշխարհային համաճարակ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, սակայն անոնք կարողացան Կաթողիկոսարանի ընկերային լրատուամիջոցներու ցանցին ճամբով աղօթակից դառնալ միաբանութեան եւ խումբ մը դպրեվանեցիներու:   Անթիլիասի Մայրավանքի Ուխտի Օրուան առիթով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագի աւարտին, Հայրապետը համայն…

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

Ուրբաթ, 27 Մարտ 2020-ին, Արցախի նախագահ տիար Բակօ Սահակեան հեռաձայնային կապ հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ մօտէն իմանալու ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ու յատկապէս Լիբանանէն ներս ստեղծուած կացութեան մասին: Այս առիթով անոնք նաեւ խորհրդակցեցան Արցախի առնչուած հարցերու շուրջ:   Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Արցախի մեր ժողովուրդը չէ ազդուած «քորոնավիրուս»ի…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ծանր պայմանները եւ մեր ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, Կաթողիկոսարանը կը շարունակէ իր ընկերային ծառայութիւնը։ Ընկերային կառոյցներուն, լրատուական օրկաններուն, շտապ մարմնին եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն կատարուած օժանդակութեան առընթեր, վերջերս 200 ընտանիքներու ուտեստեղէն տրամադրուեցաւ՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին ճամբով։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ «ՔՈՐՈՆԱՎԻՐՈՒՍ»Ի ՊԱՏՈՒԱՍՏԻ ԳԻՒՏԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷՅԵԱՆԻՆ

Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2020-ին, երկար զրոյց մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ «Քորոնավիրուս»ի պատուաստանիւթի մը գիւտին գծով յարատեւ աշխատանքի լծուած Նուպար Աֆէյեանին միջեւ։   Տիար Աֆէյեան լայն բացատրութիւններ տուաւ Վեհափառ Հայրապետին իր ընկերութեան կատարած մասնագիտական աշխատանքներուն գծով։   Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց պարոն Աֆէյեանին՝ անոր աշխատանքը նկատելով համամարդկային առաքելութիւն, որ…

ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱԶՆԻՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱԶՆԻՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ   Կ՚ապրինք անբնական պայմաններու մէջ։ Ներկայ տագնապին ստեղծած անորոշութիւնը, վախը եւ անձկութիւնը դարձած են ամէնօրեայ մտահոգութիւն՝ մեր անձնական, ընտանեկան, համայնքային ու ազգային կեանքէն ներս։ Միշտ կ՚աղօթեմ, որ Աստուած հեռացնէ այս չարիքը աշխարհէն, հիւանդներուն բժշկութիւն պարգեւէ եւ մեր զաւակները պահէ անվտանգ։   Այս դժուար պայմաններուն մէջ յատկապէս, եկեղեցին պէտք է իր ժողովուրդին…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՆ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻՆ ՍՏԵՂԾԱԾ ՆԵՐԿԱՅ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Երէկ եւ այսօր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կապ մը հաստատեցին իրարու հետ «քորոնա» ժահրին ստեղծած ներկայ կացութեան առնչուած:   Վարչապետ Փաշինեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս ներկայ պայմաններուն մէջ Կաթողիկոսութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն գծով: Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ համաշխարհային համաճարակի հետեւանքներուն ուղղութեամբ՝ աղօթելով, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Կ’ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս Լիբանանի հայութիւնը տեղեակ պահել, որ Վեհափառ Հայրապետը Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին այլ առաքելութիւն մը վստահած ըլլալով, Լիբանանի հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակեց Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը։   Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը իր նոր պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ վաղը, Ուրբաթ 13 Մարտի առաւօտուն։                                                                             ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

2019-2020 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ    

Շաբաթ, 22 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի աշակերտական մրցանքին բացումը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մրցանքի վարիչ Վարուժան Թէնպէլեան, որ լուսարձակի տակ առնելէ ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական թելադրանքով 2009-ին հաստատուած «Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքին վերջին տասը տարիներու նուաճումները՝ յայտնեց,…

ԹՄՄ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ — Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ի յետմիջօրէին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Յակոբ Գասարճեանին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Անի Լաչինեան-Մակարեան, Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր, ի մասնաւորի Լիբանանի ներկայ իրավիճակն ու լիբանանահայութեան այսօրուան դժուարին ընկերատնտեսական…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏ

Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ: Հանդիպումին ներկայ էին ժողովի համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ ժողովի վանաբնակ անդամները:   Նիստի ընթացքին քննարկուեցան ծիսական, միջ-եկեղեցական, հրատարակչական եւ դաստիարակչական բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:   Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին զրոյցը առաւելաբար կեդրոնացաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վրայ: Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը իր կարգ մը մտահոգութիւնները փոխանցեց դեսպանին:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ազդակ.- Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը, որ կայացաւ 29 փետրուարէն 1 մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ, յստակացուց լրագրողներու համահայկական յառաջիկայ աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւնները: Քննարկուեցան թէ՛ տարածաշրջանային, եւ թէ համընդհանուր մակարդակներով մասնագիտական բովանդակութեամբ խորհրդաժողովներ, աշխատանոցներ եւ համաժողովներ կազմակերպելու կարելիութիւնները:   Համակարգող խորհուրդի քննարկումներու օրակարգին մէջ ներառուած էին Անթիլիասի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական համաժողովին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԸ

Կիրակի, 2 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մոսկուայէն միօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Ռուբէն Վարդանեանը: Տիար Վարդանեան Հայաստանի ու Արցախի մէջ նախաձեռնած է զանազան ծրագիրներ, որոնցմէ հանրածանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նպաստ բերող «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը (Aurora Humanitarian Initiative): Տիար Վարդանեան Կիրակի օր ներկայ գտնուեցաւ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Կիրակի, 1 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց լրագրողներու համահայկական ֆորումը համակարգող խորհուրդը, որուն մաս կը կազմէին, Սաթիկ Սէյրանեան («168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան նախագահ), Տիգրան Յարութիւնեան («Նոյան Տապան» լրատու գործակալութեան հիմնադիր եւ տնօրէն, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ), Միքայէլ Հաճեան (Լրագրող, հրապարակախօս, հրապարակագիր, քաղաքական վերլուծաբան), Արամ Անանեան («Արմենփրես» լրատու…