Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ ԵՒ ՀՈԼԱՆՏԱ

Ընդառաջելով Հոլանտայի Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ պետին հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այսօր մեկնեցաւ Հոլանտա։ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը պիտի տեւէ երեք օր, որու ընթացքին ան երկու դասախօսութիւններ պիտի տայ տարբեր համալսարաններու մէջ եւ պիտի նախագահէ աստուածաբանական ու բարոյագիտական նիւթերու քննարկումներու նուիրուած հանդիպումին։   Հոլանտա կատարելիք այցելութեան Հայրապետին պիտի ընկերանան Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ.…

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երէկ՝ Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք, որուն ներկայ էին վանաբնակ հինգ եպիսկոպոսներ եւ քսան վարդապետներ:   Վեհափառ Հայրապետը հայրաբար ողջունելով միաբան հայրերը՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ամրան շրջանին թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքին եւ թէ՛ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Կաթողիկոսարանը իր ժողովրդանուէր առաքելութիւնը շարունակած է՝ միաբան հայրերուն գործօն…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԵՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի շուրջ ամիս մը առաջ սկիզբ առած Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ «Կիլիկիա» թանգարանին վերանորոգութեան աշխատանքներուն, որոնք կ՚իրագործուին բարերարութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեաններու եւ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեաններու։   Յայտնենք, որ ձեռագիրներու առնչուած աշխատանքները հասան…

«ՅՈՒՆԱԿԱՆ, ԱՍՈՐԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ» Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկու օրեր առաջ, Մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը «Ղաննուպիններու հովիտի» կրօնական մշակոյթին մասին: Յիշեալ շրջանին մէջ յունական եւ ասորական մշակոյթներու ազդու ներկայութիւն եղած է դարերու ընթացքին, որ հետագային նպաստած է երկխօսութեան ու փոխներգործութեան: Շրջանէն ներս կը խօսուի նաեւ հայկական ներկայութեան մասին: Համագումարին նպատակն էր վերբերել Քրիստոնէական առաջին դարերու քրիստոնէական վկայութիւնը Լիբանանէն…

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ին, ամբողջ օրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցութիւններ ընդունեց Վեհամօր մահուան առիթով: Ցաւակցութեան համար Անթիլիասի Մայրավանք եկան նախարարներ, դեսպաններ, բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:   Վեհափառ Հայրապետին այցելեց նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլահ Ալ Պուխարին: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն շուրջ:

ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՐ՝ ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԼՈՒՍԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, Խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին ներկայացուցիչներուն, հոգեւոր պետերու ու ներկայացուցիչներու, միաբանութեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն, ընտանիքի անդամներուն եւ հաւատացեալներու, Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի թաղման կարգը։   Իր դամբանականին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի…

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԱՖՐԱՄ Բ. ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ասորի քոյր եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին: Այցելութեան նպատակը ցաւակցութիւն յայտնել էր Նորին Սրբութեան՝ անոր մօր մահուան առիթով:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ ասորի եկեղեցիներու գործակցութեան եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական ու շրջանային հարցերու:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՏՈՒԵՑ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՐՊԻՍ ԵՒ ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ ԱՄՈԼԸ

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին 10-ամեակին առիթով, ընդառաջելով Համազգայինի ընտանիքին խնդրանքին, Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019-ին, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց լիբանանահայութեան ազգային, եկեղեցական, մշակութային ու ընկերային կեանքէն ներս իր ներդրումը ու մասնակցութիւնը բերած  Տէր եւ Տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլը։  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ “THE ARMENIAN CHURCH” (ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ) ԳԻՐՔԻՆ ՊԱՐՍԿԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին “The Armenian Church” հատորին պարսկերէն թարգմանութիւնը՝ «كليساى ارمنى» (Հայ Եկեղեցին)՝ թարգմանութեամբ՝ Վեր. Միշել Աղամալեանի։ Գործը նախաձեռնած է Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, իսկ մեկենասութիւնը ստանձնած է Տ. եւ Տիկ. Ասպետ Հայկազ Թահմազեանը։   Յայտնենք, որ յիշեալ գիրքին գերմաներէն, արաբերէ ու ռուսերէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2019-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եան Քիւպիշ։   Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ արծարծելու հետեւեալ հարցերը.- Լիբանանի այժմու կացութիւն, Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներ, քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանէն ներս, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւն, Մ.Ա.Կ.ի դերը միջազգային գետնի վրայ։   Յիշեալ հարցերուն շուրջ աւելի քան ժամ…

ԶԱՆԱԶԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԷ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Յաճախակի առիթներով, նոյնիսկ առօրեայ դրութեամբ, հայ թէ օտար հիւրեր եւ ուխտաւորներ կ’այցելեն թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքը եւ թէ՛ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը: Անոնք մօտէն կը ծանօթանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան զանզան բնագաւառներուն:   Երէկ, Անթիլիասի մայրավանք այցելեցին Տանիմարքայէն խումբ մը Լուտերական եկեղեցւոյ պատկանող հոգեւոր հովիւներ, ապա ուղղուեցան «Թռչնոց Բոյն»: Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Շաբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սրահին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ, իւրայատուկ հաւաք մը տեղի ունեցաւ՝ նուիրուած ձեռագիրներու պահպանման կարեւորութեան ու կարելիութեան: Ներկայ էին միաբան հայրեր, Դպրեվանքի սարկաւագներ, թանգարանի յանձնախումբի անդամներ եւ օտար հիւրեր: Հաւաքին յաջորդաբար խօսք առին Անթիլիասի մայրավանքէն ներս նոյն աշխատանքին լծուած գերմանացի մասնագէտները: Անոնք ներկաներուն պարզեցին ձեռագիրները պահպանելու ազդու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՒՆԻՖԻԼԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ

Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ԻՒՆԻՖԻԼ-ի՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հարաւային Լիբանանի խաղաղարար ոյժերու հրամանատար զօր. Փիշիոթայի՝ ընկերակցութեամբ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատու իր երկու օգնականներուն։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու կոչուած Միացեալ Ազգերու ոյժերու առաքելութեան: Յայտնենք, որ յիշեալ առաքելութեան մաս կը կազմեն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային բանակէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Վեհափառ Հայրապետը Զուիցերիա եւ Հոլանտա տուած իր աշխատանքային այցելութենէն այսօր վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանք։   Յիշեալ այցելութեան ընթացքին Հայրապետը մօտէն հետեւեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի վերջին զարգացումներուն առնչուած աշխատանքներուն՝ մնայուն կապի մէջ ըլլալով իրաւական յանձնախումբի անդամներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ հետապնդեց Հոկտեմբերի սկիզբը Հոլանտա կատարելիք իր այցելութեան առնչուած եւ Նոյեմբերին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք միջ-եկեղեցական համագումարի…

«ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ՝ ՀԱՅՈՒՆ ԱՄՈՒՐ ՀԱՒԱՏՔԻՆ, ԱՆՆԿՈՒՆ ԿԱՄՔԻՆ ԵՒ ԱՆՍՏՈՒԵՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻՆ ՕՐՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԻԱՐ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ   Ստորեւ Նորին Սրբութեան նամակը.-   Մեծայարգ Տիար Բակօ Սահակեան Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ   Մեծայարգ եւ Սիրելի Պարոն Նախագահ,   Հայրապետական օրհնութեամբ եւ անհուն ուրախութեամբ կ՚ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան Օրը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն։…

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒ ՕՐԿԱՆՆԵՐ ՏԱԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

Անցնող շաբթուան ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը՝ Լիբանանի Ընդհանուր Առողջապահութեան Նախարարութեան հովանիին տակ գործող NOD-LB (National Organization of Organ Donation and Tissue Transplantation) մասնագիտական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, Արժ. Տ. Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան։   Կազմակերպութեան հիմնական…