«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԹՈՌԸ ԱՅՍՕՐ ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ Է ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 30 Յունիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք՝ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 24-րդ տարեդարձին առիթով։ Հայրապետական Մաղթանքի ընթացքին Միաբան Հայրեր աւետարանական հատուածներու եւ աղօթքներու ու շարականներու ընդմէջէն աղօթեցին  Վեհափառ Հայրապետին արեւշատութեան, առողջութեան եւ երկար գահակալութեան…

«ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԵՐՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՂՈՒԹԻ ՄԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Կիպրոս կատարած իր միօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Երեսփոխանական, Ազգային Վարչութեան ու Կրօնական ժողովներու միացեալ նիստին։   Նորին Սրբութիւնը նախ լսեց սրբազան հօր եւ երկու մարմիններու ատենապետերուն կողմէ ներկայացուած զեկոյցները եւ մօտէն իրազեկ դարձաւ թեմին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ թեմին դիմագրաւած մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Հայրապետը իր…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ ՄԻՋԵՒ

Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019-ին, Նիկոսիոյ Արքեպիսկոպոսարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Խրիսոսթոմոս Բ. Արքեպիսկոպոսին միջեւ։ Նորին Սրբութեան կողքին հանդիպումին ներկայ էին Կիպրոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ Հայրապետին գաւազանակիր Հոգշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՆԻՔՈՍ ԱՆԱՍԹԱՍԻԱՏԻՍԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019-ին, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի միջեւ։ Հանդիպումին Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էին Կիպրոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ Հայրապետին գաւազանակիր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 24 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ վարչութեան ատենապետ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի:   Վարչութիւնը Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց Համազգայինի աշխատանքներուն մասին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, յատկապէս պարզելով Համազգայինի ծրագիրները: Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Համազգայինի գործունէութեան նկատմամբ՝ յիշեցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ զօրավիգ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 22 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վահագն Աթաբէկեան:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան առնչուած հարցերուն: Անոնք նաեւ խորհրդակցեցան, յառաջիկայ շաբաթ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունենալիք հայ մամուլին նուիրուած համազգային համագումարին մասին:   Յայտնենք, որ յիշեալ համագումարին անձամբ ներկայ պիտի գտնուի…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 89-ՐԴ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

«ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՆԿԱՐԱԳԻՐ ԿԵՐՏՈՂ ՈՒ ՄԱՐԴ ՊԱՏՐԱՍՏՈՂ ՀՆՈՑ Է, ՈՒՐԿԷ ԿԸ ԾՆԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՈՒ ԱԶԳԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ամբողջացուց 2018-2019 կրթական տարեշրջանը` ազգին նուիրաբերելով նոր դպիրներ, կիսասարկաւագներ եւ աբեղաներ։ Եւ թէեւ Դպրեվանքին համար կրթական տարեվերջը սովորական իմաստով ուսումնական տարեշրջանի մը փակումը չէ՝ նկատի ունենալով Դպրեվանքին կրթական-դաստիարակչական ծրագիրին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Մ.Ա.Կ.-Ի ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԶԲԱՂՈՂ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ

Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան սուրիական գրասենեակի փոխ պատասխանատու Անթուան Լահհամի հետ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի դարձեալ Սուրիոյ հարցով զբաղող պատասխանատու Դոկտ. Միշէլ Նսէյրը։   Շուրջ երկու ժամ տեւած աշխատանքային հանդիպումին նպատակն էր Սուրիոյ քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներուն միջեւ երկխօսութեան ու գործակցութեան հարթակ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 19 Յունիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի ուսուցչաց հանդիպումը կրթական տարեփակին առիթով: Բնականաբար, հանդիպման նպատակն էր ընդհանուր արժեւորումի ենթարկել Դպրեվանքի 2018-2019 կրթական տարեշրջանի ուսումնական աշխատանքը, աշակերտներու՝ դասարան առ դասարան եւ աշակերտ առ աշակերտ կատարած աշխատանքը եւ ապա ճշդել յառաջիկայ կրթական շրջանին ծրագիրին ու կատարուելիք աշխատանքին ընդհանուր ուրուագիծը:  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐ ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ

ա. Երեքշաբթի, 18 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, իր աշխատանքային հանդիպումներու ծիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Գարակէօզեան բարեսիրական հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին: Ան տեղեակ պահեց Նորին Սրբութիւնը հաստատութեան բարեսիրական, ընկերային ու առողջապահական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց մօտէն իմանալով հաստատութեան հետզհետէ ծաւալող աշխատանքը հայահոծ շրջաններէն…

ՆՈՐԸՆԾԱՅ ԱԲԵՂԱՆԵՐՈՒՆ ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ

Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, քահանայական ձեռնադրութենէն եւ օծումէն անմիջապէս ետք, ձեռնադրեալը հետեւելով Քրիստոսի օրինակին Քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջան մը կը բոլորէ իր հոգեւոր առաքելութեան սկսելէ առաջ:   Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր մօտ հրաւիրեց նորընծաները՝ Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեանը, Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանը եւ Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեանը։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգիսեանին հրաւէրով ու նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին նիստը: Յանուն Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յիշեալ նիստին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը:   Յայտնենք նաեւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը եւ Հոգշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՐԱԳԷՏ ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը իր այցելուներու շարքին նաեւ ընդունեց գրագէտ Պօղոս Շահմելիքեանը: Լիբանանի հայութեան մշակութային կեանքին մաս կազմած եւ այժմ ընտանիքով Լոս Անճելըս հաստատուած տիար Պօղոս Շահմելիքեան, Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանին եւ իր ընտանիքին հետ միասին այցելեց Նորին Սրբութեան՝ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Ճամբորդութիւն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՐՑԱԽԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐ

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Արցախէն ժամանած խումբ մը գեղանկարիչներ: Անոնք Նորին Սրբութեան պարզեցին իրենց կատարած աշխատանքները Արցախի մէջ:   Հայրապետը ողջունելով անոնց այցելութիւնը՝ գնահատեց մշակութային բնագաւառէն ներս իրենց կատարած աշխատանքը։ Ապա, կարեւորութեամբ շեշտեց ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի ու յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հայ մշակոյթին յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը։ Ան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ԱԶԳԻՆ Կ՚ԸՆԾԱՅԷ ԵՐԵՔ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ԱԲԵՂԱՆԵՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը հզօրանայ եւ կ՚ամրանայ շնորհիւ իր փաղանգին, եւ թէեւ եկեղեցին ժողովուրդը ինքն է, բայց եւ այնպէս եկեղեցւոյ հիմերը խրուած են անոր միաբանութեան աւիւնին մէջ։ Այս կրթական տարեշրջանի աւարտին, Դպրեվանքը ազգին եւ եկեղեցիին նուիրեց երեք նոր անշահախնդիր ծառայող կուսակրօն քահանաներ, որոնց ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ ձեռամբ Ամերիկայի Միացեալ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Շաբաթ, 15 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց հետեւեալ անձերը.-   ա) Դոկտ. Ալեքս Մուքարզէլ, եկած էր Նորին Սրբութեան պաշտօնական հրաւէր փոխանցելու՝ մասնակցելու յառաջիկայ շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք համագումարի մը:   բ) Դոկտ. Գոհար Գրիգորեան-Սավարի, հայ արուեստի հետազօտող Զուիցերիոյ Ֆրիպուրկ համալսարանին մէջ, որ եկած է Անթիլիասի Մայրավանքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՊԵՏՐՈՍ ԱՃԷՄԵԱՆԸ ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ Կաթողիկոսարանի պաշտօնէութեան, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ մահացած Պետրոս Աճէմեանը, շքանշանը յանձնելով իր այրիին՝ Տիկ. Անի Աճէմեանին՝ իր զաւակներուն ներկայութեան:   Պետրոս Աճէմեան Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին գլխաւոր ճարտարապետներէն մէկը եղած է եւ որպէս Հայկական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՍԱԽՕՍԷ ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, նախապէս ճշդուած ժամադրութեան համաձայն, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին Գերմանիոյ զանազան համալսարաններէ եկած խումբ մը՝ բաղկացած դասախօսներէ եւ դոկտորայի աստիճանի պատրաստուող ուսանողներէ։ Այցելութեան նպատակն էր լսել Վեհափառ Հայրապետը կրօնքին եւ քաղաքականութեան առնչութեան մասին՝ նկատի ունենալով, որ ներկաներուն մասնագիտութիւնը յիշեալ բնագաւառն է։   Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր ներածականէ մը ետք, կեդրոնացաւ պատմութեան Արեւելքի ու Արեւմուտքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 13 Յունիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Արժանթինի մօտ Լիբանանի դեսպան Ճոնի Իպրահիմ, ընկերակցութեամբ Ֆրեզնոյի Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս Հերի Նաճարեանին: Յայտնենք, որ դեսպանը նախապէս Լոս Անճելըսի մէջ հիւպատոս էր եւ հետեւաբար մօտէն ծանօթ էր հայ համայնքին:   Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ խօսելու Միացեալ Նահանգներու ու Արժանթինի մէջ հաստատուած հայ համայնքները, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՀԵՐԻ ՆԱՃԱՐԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 12 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրեզնոյի Լիբանանի հիւպատոս Հերի Նաճարեանին: Հիւպատոսը Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց, որպէս պատուոյ հիւպատոս, իր կատարած աշխատանքներուն մասին, մասնաւորաբար Ֆրեզնոյի եւ Այնճարի միջեւ գործակցութիւն հաստատելու գծով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Գալիֆորնիոյ հայութեան առնչուած կարգ մը երեւոյթներու եւ զարգացումներու մասին:   Յայտնենք, որ Հերի…

«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ ԱՆԵՂԾ՝ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ. Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կազմակերպած «Կանանց Լսարան»-ը եզրափակեց 2018-2019 տարեշրջանի իր սերտողութիւնները Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոսին Հայրապետական պատգամով։ Աւանդութեան համաձայն, տարեշրջանի եզրափակիչ պատգամը կը փոխանցէ Նորին Սրբութիւնը, իսկ աւարտին, ներկաները առիթ կ՚ունենան Հայրապետին ուղղելու իրենց հարցումներն ու առաջարկները։   Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Բաժանմունքին վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԳՐԻԳՈՐ ԱԿՈԲԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 10 Յունիս 2019-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց վաստակաշատ արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանը: Արուեստագէտը այս առիթով Կաթողիկոսարանի «ԿԻԼԻԿԻԱ» թանգարանին նուիրեց «Այբ» գիրին շուրջ զարգացուցած իր արուեստի նոր գործը:   Լիբանանի եւ Գանատայի մէջ իր բնակութիւնը հաստատած Գրիգոր Ակոբեան նկարչական արուեստին մէջ մեծ վաստակ ունի շուրջ 50 տարիներու վրայ տարածուած իր ստեղծագործութիւններով եւ…

ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 9 Յունիս 2019-ին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով, դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեանի։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Վերջին երկու օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ունեցաւ հետեւեալ հանդիպումները.-   ա. Լիբանան եւ Սուրիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեանց ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին, հանդիպում մը ունեցաւ Սերպիոյ Իրէնաոս պատրիարքին հետ: Ապա, Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Եուհաննա պատրիարքին հետ Նորին Սրբութիւն ներկայ եղաւ ի պատիւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԿՈՂՄԷ «ՆԱՐԵԿ» ԱՂՕԹԱՄԱՏԵԱՆ ԶԵՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇԻ ՇԻՐԻՄԻՆ ՎՐԱՅ

  Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2019-ին, խումբ մը ազգայիններ, առաջնորդութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, այցելեցին Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը։ Անոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանեցին անմահանուն հերոս Գէորգ Չաւուշին եւ այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, «Նարեկ» աղօթամատեան մը զետեղեցին անոր շիրիմին վրայ, եռագոյն դրօշի կողքին։     Ծանօթ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՂՋԻԿԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԻ ՀԵՂԻՆԱԿԸ

  Չորեքշաբթի, 5 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին` զօրավար Միշէլ Աունի դուստրը Միրէյ Աունը, որ միաժամանակ նախագահին բարձրաստիճան խորհրդականներէն մէկն է: Հանդիպման նաեւ ներկայ էր Կաթողիկոսարանի բարերարներէն Սուրէն Վարդանեան:     Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարուի Լիբանանի այժմու կացութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀՈՒՆՁՔԸ

Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին երկրորդ հունձքին վկայականաց բաշխումը։ Ձեռնարկին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։   Հանդէսին բացման խօսքը կատարեց Հայագիտական կեդրոնի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան։ Ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, քաջալերանքով եւ օժանդակութեամբ 2012-2013 տարեշրջանին ծնունդ առած Արեւմտահայերէնի խտացեալ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԷՆ ԵՒ ԿԻՊՐՈՍԷՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐ

Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Յունաստանէն եւ Կիպրոսէն ժամանած չորս ազգայիններու՝ առաջնորդութեամբ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանին:   Անոնք Լիբանան եկած էին որպէս զեկուցաբերներ՝ մասնակցելու Հայկազեան համալսարանին կողմէ կազմակերպուած Յունաստանի եւ Կիպրոսի հայ գաղութներուն նուիրուած համագումարին:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ ազգայինները լայն…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հայ լեզուի եւ գրականութեան ջատագով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի եւ Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպած միջ-դպրոցական մրցաշարքը բոլորեց իր 10-րդ տարին։ Հիմնադրամին մրցումները կ՚ընդգրկեն հայ լեզուի ու գրականութեան, հայկական տպագրութեան եւ մամուլի, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի բաժիններ։   Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ի առաւօտուն, յընթացս Ս. եւ Անմահ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 31 Մայիս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքրական եւ ուսանելի հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնի ուսանողութեան հետ, որոնք հաւաքուած էին Վեհափառ Հայրապետը լսելու աստուածաբանական այժմէական բնոյթ ունեցող հարցերու շուրջ:   Իր բացման խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ քանի մը ժամուան մէջ աստուածաբանական հարցերու շուրջ…

ԱԼԵՆ ՊԱԼԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԵՒ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ՝ ՆԵՐԿԱՅ ՎԵՐԻՎԱՅՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

Կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութեան, Ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ  տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը, ուր Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխ-կառավարիչ Ալեն Պալեան ներկայացուց «Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը՝ ներկայ վերիվայրումներու լոյսին տակ» նիւթը։ Զրոյցին ներկայ էին ՀՀՀ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, ինչպէս նաեւ Հոգշ.…