ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔէՆ ՆԵՐՍ

Այսօր, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանուհին։ Հանիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու հայ-զուիցերիական յարաբերութեանց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիներու միջեւ երկար տարիներու վրայ տարածուած գործակցութեան, ինչպէս նաեւ «Արեմնոֆաս»-ի գործունութեան։   Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցաւ յառաջիկային Փափա Քիւնցլերի նուիրուած ցուցահանդէսի կազմակերպման ծրագրը։ Յայտնենք, որ հայոց ցեղասպանութենէն ետք որբահաւաքի եւ վերապրողներու ընկերային ծառայութեան գծով կարեւոր…

«Ի ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆէՈՒԹԵԱՆ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան» կազմակերպութեան նախագահ Դոկտ. Թաուֆիք Պաաքլինի։ Յայտնենք, որ յիշեալ կազմակերպութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ եւ սերտ գործակցութիւն ունի ծերակուտականներուն ու երեսփոխաններու եւ զանազան կազմակերպութեանց հետ, եւ համագումարներու, այցելութիւններու ու այլազան ծրագիրներու ճամբով կը զօրակցի Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան ու իրաւունքներուն պաշտպանութեան։ Վեհափառ…

ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՅԺԵՐՈՒՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ոյժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը՝ գլխաւորութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, դեսպանատան քարտուղարներէն Դաւիթ Ալավերտեանն ու զինուորական կցորդ Ալեքսան Մուշեղեանը, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ…

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՂԲԻՒՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԵԱՆՔԻ Աւագ Շաբաթը իր լրումին հասաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեամբ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը, Կիրակի, 21 Ապրիլ 2019-ին, անգամ մը եւս իր երդիքին տակ համախմբեց իր հաւատացեալ զաւակները, որպէսզի Քրիստոնէավայել կերպով նշուի Ս. Զատկուան հոգեպարար տօնը։   Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մատուցեց Ս.…

ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագը։ Պատարագի աւարտին, լուսարարապետ Սրբազան Հայրը բարձրանալով Ս. Խորան՝ վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց Նորին Սրբութեան։ Հայրապետը, իր կարգին, բաշխեց հաւատացեալներուն, որոնք…

«ԿԱՐԳ ԹԱՂՄԱՆ» ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՄԱՐԴՈՒ ՈՐԴԻՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆ ԻՋՆԵԼՈՎ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՌՋԵՒ ԲԱՑԱՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Աւագ Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կը տիրէր Յիսուսի Թաղման կարգի խորհրդաւորութեամբ համակուած մթնոլորտ մը. առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, ուխտաւորներ արդէն Մայր Տաճար այցելելով ծաղիկներ ընծայած էին եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած Յիսուսի թագաղին, իսկ…

ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ ՊԷՏՔ Է ԿԵՆՍԱԳՈՐԾԵԼ ՄԵՐ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԹԷ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Աւագ Հինգշաբթի, 18 Ապրիլ 2019-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որ յիշատակութիւնն է Քրիստոսի աշակերտներուն ոտքը լուալուն եւ կը պարունակէ խոնարհութեան ու սիրով ծառայութեան պատգամը։…

ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՀԱՂՈՐԴՈՒԻ «ԱՐՄԱՇ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ «ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ» ՀԱՄԵՐԳՈՎ

Աւագ Շաբաթը հաւատացեալներուս առիթ կ՚ընծայէ վերապրելու Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ծանրագոյն ժամանակահատուածը եւ աստուածաշնչական աղօթքներով լեցուն ժամերգութիւններու ընդմէջէն երկիւղածութեամբ հետեւելու Անոր հրաշափառ Յարութեան, խորհրդածելու մեր հաւատքին մասին եւ վերանորոգելու քրիստոնէական մեր ուխտը։ Այս տարի Աւագ Շաբթուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը առիթ ընծայեց մեզի, որ մեր հոգեկան գոհունակութիւնը լիցքաւորենք իւրայատուկ համերգով մը,…

«ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ» ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աւագ շաբաթը մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանն է, որուն ընթացքին Ան կ՚ենթարկուի ամենադառն տառապանքներու ու չարչարանքներու։ Հայ եկեղեցին զայն կը նշէ Աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ հոգեպարար յատուկ արարողութիւններու ճամբով։   Այս գծով, Աւագ Երեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Տասն Կուսանաց» նուիրուած ժամերգութիւնը, ուր Մայրավանքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԽՈՐ ՑԱՒԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՓԱՐԻԶԻ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀՐԴԵՀԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Փարիզի Նոթր Տամ Տաճարին մէջ ծագած մեծ հրդեհին համար իր խոր ցաւը կը յայտնէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին, Տաճարի հոգեւոր դասուն եւ Ֆրանսայի պետութեան ու ժողովուրդին։  Վեհափառ Հայրապետը եղած է Նոթր Տամ տաճարէն ներս եւ ծանօթ է անոր ներկայացուցած հոգեւոր, միջ-եկեղեցական ու պատմական իւրայատուկ կարեւորութեան։

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՈՎ

Իւրաքանչիւր Ծաղկազարդ կրկնակի տօն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին համար, որովհետեւ այդ օր ո՛չ միայն կը նշուի Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, այլ նաեւ Մայրավանքը կը ծաղկազարդուի իր ժողովուրդով։ Այս տարի եւս, Անթիլիասի Մայրավանքը ողողուեցաւ մանուկներով, պատանիներով, երիտասարդներով ու հայ երիտասարդ ընտանեկան բոյներով, որոնք հաւաքուած էին նշելու հոգեպարար այս տօնը, զոր հաւատացեալները կը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԵՏՐՈՍ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՃԱՊՈՒՐԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ

Շաբաթ, 13 Ապրիլ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Գանատայէն ժամանած Պետրոս Արսլանեան արուեստագէտը, որ ինքզինք հաստատած անուն մըն է նկարչութեան մարզէն ներս: Արսլանեան ի յիշատակ` Անթիլիասի 1929-ի «Նիր Իսթ Րիլիֆ» որբանոցի որբերէն իր հօր Աւետիս Արմենակ Արսլանեանի, նկար մը նուիրեց «Կիլիկիա» թանգարանին: Յայտնենք, որ Կաթողիկոսարանի ներկայ հողը նախապէս «Նիր Իսթ Րիլիֆի» պատկանող Ամերիկեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի վարչութեան ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանին: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ շեշտելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՈՂՋՈՒՆէ ԻՏԱԼԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՉԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ՝ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ  

Անդրադառնալով Իտալիոյ խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութեան կողմէ առնուած որոշումին՝ ուղղուած Իտալիոյ կառավարութեան ճանչնալու հայոց ցեղասպանութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Խորհրդարանի այս իմաստուն ու քաջ քայլը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ «այս վճռական քայլը արդարութեան յաղթանակն է ցեղասպանին կողմէ կատարուող այն բոլոր ապատեղեկատուական ու ժխտողական քայլերուն դէմ, որոնց նպատակը պատմութեան փոշիներուն տակ ծածկել է Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹԵԶԷԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Թեզէի Երիտասարդական Միջազգային Համախմբումին իրենց մասնակցութիւնը բերած խումբ մը հայ առաքելական երիտասարդներ, որոնք տարբեր յանձնախումբերու մէջ ծառայած էին։   Յիշեալ համագումարին մասնակցած էին աւելի ճան 1600 երիտասարդներ զանազան եկեղեցիներու մշակոյթները ներկայացնող ու միասնաբար քննարկած երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրներ։ Այս գծով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող երիտասարդները…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շարք մը հարցեր քննարկելու Հայաստանի ներկայ կացութեան, Արցախի, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան վերջերս Հալէպ կատարած հովուապետական այցելութեան առնչուած։

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆ ՈՒԱԼԻՏ ՊՈՒԽԱՐԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ ԵՒ ԻՐ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔԸ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Երեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին: Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին հայակական երեսփոխան պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, ինչպէս նաեւ դեսպանին երկու օգնականները:   Վեհափառ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԱՆԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 8 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ֆրանսայի գիւղերու միութեան նախագահ Վանիկ Պէրպէրեանին։ Ան Լիբանան այցելած էր պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով, որպէսզի գործակցութիւն հաստատէ լիբանանի լաւագոյն հինգ գիւղերու հետ։   Յայտնենք, որ Վանիկ Պէրպէրեանը, որուն առաջին այցելութիւնն է Լիբանան, զաւակն է հանրածանօթ նկարիչ Արտաւազդ Պէրպէրեանին, որուն սրբապատկերները կը գտնուին Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» ու Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանները մասնակցեցան Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպած «Թանգարաններու Գիշեր» ձեռնարկին։   Ինչպէս Լիբանանի բոլոր թանգարաններն ու պատմական վայրերը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թանգարանները եւս իրենց դռները լայնօրէն բացին 1200 այցելուներու դիմաց, որոնք եկած էինք Լիբանանէն եւ օտար երկիրներէ՝…

ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ Ս. ԱՋԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՇԽՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՀԱՒԱՔՈՒԱԾ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ

Հայոց աշխարհի հաւատքի հօր եւ երկրորդ Լուսաւորիչին մուտն ի Վիրապ տօնը յատկանշական է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար, որովհետեւ ան Անթիլիասի Մայրավանքի ուխտի օրն է։ Այդ օրը Գրիգոր Լուսաւորիչին Ս. Աջը, ինչպէս նաեւ «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած բազմաթիւ սուրբերու մասունքները, որոնք Անթիլիաս հասած են գողգոթայի ճամբէն անցնելով, դուրս կը բերուին եւ կը տրամադրուին…

ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի խոր վիրապ մուտքի տօնին նախօրեակին եւ սուրբին անուան Մայր Տաճարի ուխտի օրուան առթիւ առաւօտեան տեղի կ՚ունենայ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, իսկ երեկոյեան՝ Հսկումի արարողութիւն։ Ուխտի օրուան առիթով նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս կը բերէ սուրբերու մասունքները եւ կը զետեղէ Կիլիկիայէն բերուած մասունքներու արկղին մէջ։   Արդարեւ, Շաբաթ, 6 Ապրիլ…

ԴԱՆԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Դանիոյ ազգային, լուտերական եկեղեցին ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քոփենհակընի եպիսկոպոսը, միջ-եկեղեցական օգնութեան յանձնախումբի ատենապետը եւ Միջին Արեւելքէն ներս Դանիոյ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայնօրէն անդրադառնալու Դանիոյ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան։ Արդարեւ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆ»Ի ԱՆՈՒԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ԽՈՒՄԲԸ

Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց շուրջ 15 անձերէ բաղկացած «Սօս Սարգսեան»ի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի անդամները։ Անոնք Լիբանան եկած էին Համազգայինի հրաւէրով, շարք մը ներկայացումներ տալու այստեղ։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց թատերական մարզէն ներս խումբին տարած կարեւոր աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու Սօս Սարգսեանի մեծ վաստակին ու ջերմ հայրենասիրութեան։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐ ԳԻՒՂԻ ՀԱՅԱՀՈԾ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

«ՀԱԼԷՊԻ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՍԿՍԻ ՆՈՐ ԳԻՒՂԷՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Նախքան Անթիլիաս վերադարձը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երկուշաբթի, 1 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն այցելեց հայաբոյր Նոր Գիւղի ազգային կառոյցները:   Վեհափառ Հայրապետը նախ այցելեց Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր մեծ սիրով դիմաւորուեցաւ եկեղեցոյ Թաղականութեան, Դպրաց Դասուն, Տիկնանց Յանձնախումբին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:…